ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՂՕԹՔԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 26 Սեպտեմբեր, 2021)
Այսօր Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնն է, հիմնուած պատմական ստոյգ դէպքի մը՝ Սուրբ Խաչի մասունքի գիւտին վրայ։
Երկնաւոր Փեսային, Քրիստոսի անարատ հարսը՝ Հռիփսիմէ, նախքան Վաղարշապատ մեկնիլը, իր մօտ գտնուած Խաչափայտի մասունք մը պահած էր Վարագայ վանքի եկեղեցւոյ մէջ։ Եօթներորդ դարուն, Թոդիկ անունով ճգնաւոր մը յարատեւ աղօթքով ու ծոմապահութեամբ կ՚արժանանայ զայն գտնել։ Այս դէպքը օրուան եկեղեցական ու աշխարհական հեղինակութեանց կողմէ շքեղ հանդիսութեամբ կը պատուուի եւ համապատասխան տօնը կը հաստատուի։
Հայ Եկեղեցին ամենայն բարեպաշտութեամբ կը տօնախմբէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած Խաչի երեք տօները՝ Երեւումը, Մայիս ամսուան մէջ, Վերացումը՝ Սեպտեմբերին, Գիւտ Խաչին՝ Հոկտեմբերին։ Այս չորրորդը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, կ՚ուզեմ հետեւեալ մտածումները բաժնել, քաղուած այս տօնէն, որ առաւել եւս կը հարստացնէ Սուրբ Խաչի գեղեցկութիւնն ու պատգամը։
ա. Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը անուրանալի ապացոյց է, որ Հայ Եկեղեցին լիուլի բաժնելով հանդերձ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հաւատքի, Ուսուցման, Խորհուրդներու, Տօներու հիմնական տարրերը, կը պահպանէ իր իւրայատուկ նկարագիրը, որով կը հաստատէ դարերու ընթացքին ուխտագնացութիւնը Արարատի ժողովուրդին, որ իր սեփական խաչը կրելով, կը հետեւի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն։
բ. Վարագայ Սուրբ Խաչի գիւտը անվիճելի իրողութիւն է, հակառակ մարդկային ամէն տգիտութեանց, անաստուածութեանց եւ նիւթապաշտութեան մարտահրաւէրներուն, որ ջերմեռանդ հաւատքը՝ ծոմապահութեամբ, կրնայ հրաշքներ կատարել, թաքնուած գանձեր երեւան բերել եւ աստուածային օրհնութեան առատապէս հեղումին առիթ հանդիսանալ։ Անկախ ժամանակի ու պայմաններու բոլոր ազդակներէ, երբ անանձնական կերպով Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատումը խնդրենք, ինչպէս մեր Տէրը պատուիրեց (Մտ 6.33), մեր աղաչանքներն ու ամէն տեսակի հոգեւոր պարգեւները կը շնորհուին մեզի, ինչպէս կը սորվինք այսօրուան տօնին ընդմէջէն։
գ. Սուրբ Թոդիկը, բոլոր ճգնաւորներուն նման, որոնք ընկերութենէ հեռու կ՚ապրին, միայնակեաց մըն էր։ Դժբախտաբար, այս առանձնակեցութիւնը յաճախ սխալ մեկնաբանուած է շատերու կողմէ, նոյնիսկ երբեմն քրիստոնեայ քարոզիչներու կողմէ, թէ անոնք անձնասէրներ, եւ կամ ընկերութեան համար անօգուտ տարրեր են, որոնք յումպէտս կը վատնեն իրենց կեանքը։ Իրականութիւնը այն է, որ երբ մօտէն ծանօթանանք անոնց կեանքին, միայն ու միայն պիտի հիանանք եւ վկայենք որ անոնք իրենց կեանքը կը զոհեն ընկերութեան բարօրութեան համար։ Իրենց անձնական հաճոյքներն ու հանգիստը անտեսելով, աղօթքով ու խոկումով մնայուն կերպով Ամենասուրբին ներկայութեան ըլլալով, անոնք կը բարեխօսեն բոլոր անոնց համար, որոնք գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար հեռացած են Աստուծոյ շնորհքէն, եւ անդադար կ՚աղօթեն աշխարհի բարիքներուն՝ խաղաղութեան, արդարութեան ու բարգաւաճման համար։
դ. Հայկական առած մը կ՚ըսէ՝ «մէկ ծաղիկով գարուն չի գար», որ ճիշդ է, այնուամենայնիւ իւրաքանչիւր անձ, որ խարսխուած է Աստուծոյ մէջ, աներեւակայելի բարիքներու աղբիւր կը դառնայ եւ կը գարնայնացնէ իր շրջապատը, ինչպէս էր պարագան Թոդիկ ճգնաւորին։ Այս ճշմարտութիւնը կը հրաւիրէ ամէնքս, որ գիտակցինք եւ գնահատենք իւրաքանչիւրիս շնորհուած Աստուծոյ պարգեւը։
Մեծագոյն փորձութիւններէն մէկը այն է, որ մենք մեր արժէքը կ՚անտեսենք երբ բաղդատենք զմեզ բարձրագոյն իրագործումներ կատարած անձերու հետ, կամ երբ մեր երազները ինչ-ինչ պատճառաւ փշրուին, եւ կամ երբ զոհը դառնանք ահաւոր աղէտի, եւ այլն։ Որքան ալ այս դաժան պայմանները իրողութիւն են, բայց եւ այնպէս երբ մենք մեզ արժեւորենք ո՛չ մարդկային պրիսմակէն, այլ Աստուծոյ անհուն սէրէն դիտուած, միայն այն ատեն կրնանք բիւրեղացած մեր իւրայատուկ ինքնութիւնը վերագտնել եւ հասու ըլլալ մեր իսկական արժէքին, հոգ չէ թէ որքան համեստ կամ աննշան թուի ատիկա։ Սուրբ Թոդիկ կ՚առաջնորդէ մեզ իրապէս ճանչնալու մեր անձը, նաեւ մեզի վերապահուած առաքելութիւնը եւ զայն հաւատքով իրագործելու ուժականութիւնը։
ե. Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը բոլոր դարերու հաւատացեալներուն, բայց մանաւանդ մեր սերունդին կը բերէ կենսատու պատգամ մը, թէ Հայ Քրիստոնեայ ըլլալը սուղ գին ունի, եւ ըստ այնմ իւրաքանչիւրս պարտինք կրել ծանր խաչ մը, որ կը պարտադրուի մեզի կրել աշխարհիկ ուժերու կողմէ, որպէսզի ուրանանք մեր ինքնուրոյն անհատականութիւնն ու նկարագիրը, մեր արժէքներն ու համոզումները, մեր երազներն ու իղձերը որպէս Աստուծոյ եւ Լոյսի ու Կեանքի զաւակներ։ Ուստի, մեղքի մէջ թաթախուած մարդկային մեր բնութեան մէջ երբ գտնենք Աստուածանման մեր հարազատ ինքնութիւնը, Խաչը կրել հոմանիշ պիտի դառնայ աստուածատիպ մեր ինքնութիւնը դարբնելու, առաջնորդելով մեզ, որ կամաւորապէս դիմագրաւենք եւ ցնծութեամբ ոտնակոխենք աշխարհի կողմէ, բայց մանաւանդ խաւար աշխարհին իշխանութիւններուն մեզի հրամցուցած մարտահրաւէրները, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ (Եփ 6.12)։
Այս հասկացողութեամբ, շնորհապարտ ըլլանք Ամենակալ Աստուծոյ մարմնաւոր Իր բոլոր ծառաներուն համար, որոնք կը ներշնչեն ու կ՚ամրացնեն մեզ մեր հաւատքին մէջ, որպէսզի սաղմոսերգուին հետ մե՛նք եւս երգենք ու ըսենք՝ «Թոյլ տուիր որ թշնամիներ ձիերով մեր գլուխը կոխկռտեն, հուրէ եւ ջուրէ անցուցիր մեզ, բայց ի վերջոյ մեզ դուրս բերիր նեղութիւններէն եւ հանգստացուցիր» (Սղ 66.12), փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։