Մեր դպրոցներէն

ՆՈՐ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ԱՂՕԹՔԻ ԿԱՐԳ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ազգային Առաջնորդարանը Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը  նոր ծրագիր մը առաջադրած է չափահասնելու համար՝ «Աղօթքի կարգ հաստատելու գործնական ուղեցոյց» խորագրով։ Առաջին առցանց հանդիպումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբերին։ Բաժանմունքի տնօրէնին՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի ներկայացումը ցոյց տուաւ Ս. Գիրքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մեզի տրամադրած միջոցները՝ աղօթքի համառօտ ու պարզ կարգ մը հաստատելու համար։ Երկրորդ ու վերջին մասը տեղի պիտի ունենայ 13 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00էն 9:00։

Արձանագրութեան համար, հաճեցէք ուղարկել ձեր անունը, ելեկտրոնային հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը shant@armenianprelacy.org հասցէին։