Առաջնորդարանէն

ԹԵՄԱԿԱԼ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբերին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեցին ժողով մը, ի հետեւումն 2021ի սկիզբին  առցանց հանդիպումի իրենց որոշումին։

Բացման աղօթքէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոս Zoom-ի միջոցաւ միացաւ թեմակալ առաջնորդներուն։ Վեհափառ Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Սրբազան Հայրերու ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, միացեալ ճիգերով յաղթահարելու պսակաձեւ ժահրի ստեղծած տագնապի մարտահրաւէրները։ Ան դրուատեց Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մեր բարեպաշտ ժողովուրդին ցուցաբերած նիւթաբարոյական շօշափելի օժանդակութիւնը Լիբանանահայոց աննախընթաց տագնապին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ ծուխերու հզօրացումը եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը պէտք է սեւեռակէտ ըլլան հաւաքական աշխատանքներուն։ Ան յայտնեց, որ շուտով չորս երիտասարդ վեղարաւոր հայրեր կը ժամանեն Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի օժանդակեն ներկայ զինուորագրեալ հոգեւոր եղբայրներուն եւ ընդարձակեն հոգեւոր առաքելութիւնը։ Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը հրաժեշտ առաւ, յաջողութիւն մաղթելով ժողովական հայրերուն։

Սրբազան Հայրերը զեկոյցներ լսեցին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան եւ թեմերէ ներս նախատեսուած ծրագիրներու մասին, նաեւ քննարկեցին պսակաձեւ ժահրի առթիւ ստեղծուած աննախընթաց իրավիճակը։ Առ այդ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը՝

1․ Յանուն թեմերու հոգեւորականաց դասերուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ ժողովրդեան իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ, որ կոչուած է անսակարկ ծառայելու մեր ժողովուրդին եւ իրենց որդիական երախտագիտութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Հայրապետին, որ աստուածապարգեւ իմաստութեամբ, կորովով ու հեռատեսութեամբ կ՚առաջնորդէ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնող մեր ժողովուրդը, եւ իր հայրական յորդորներով յոյսի նոր հորիզոններ կը բանայ բոլորիս առջեւ։

2․ Ի հետեւումն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Կաթողիկոսի կոչին, կը շարունակեն Լիբանանահայոց զօրակցութիւնը, այս հանգրուանին առաւելաբար կեդրոնանալով դպրոցներու եւ աշակերտութեան վրայ։

3․ Սրբազան Հայրերը որոշեցին

ա․ Վերաշխուժացնել Վեհափառ Հայրապետին առաջադրած թեմերու յառաջիկայ տասնամեայ գործունէութեան ծրագիրը:

բ․ Վերատեսութեան ենթարկել հոգեւորականաց Ուղեցոյցը, որ կ՚ընդգրկէ ծիսական, խորհրդակատարական, կրթական, ժողովական, կարգապահական եւ  յարաբերական կեանքի բազմազան երեսները։

գ․ Վերակենդանացնել յառաջիկայ տարի միջ-թեմական հոգեւորականաց համագումարը, որ տեղի կ՚ունենար 2000 թուականէն սկսեալ եւ որ ընդհատուեցաւ պսակաձեւ ժահրի պատճառով։

դ. Երկարաձգել պսակաձեւ ժահրի առթիւ ստեղծուած ծիսական փոփոխութիւնները ցնոր տնօրինութիւն։

ե․ Յառաջացնել Քրիստոնէական Դաստիարակութեան միացեալ յանձնախումբ մը, որ եկեղեցին ներկայութիւն դարձնէ երիտասարդաց կեանքին մէջ։

զ․ Թափ տալ  դաստիարակչական ու հրատարակչական միջ-թեմական ծրագիրներու՝ արհեստագիտական արդիական միջոցները օգտագործելով։

է. Պարբերաբար ունենալ, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, նման հանդիպում-ժողովներ՝ միացեալ աշխատանքներու սատարելու համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, ժողովէն բխած այս որոշումները ըստ կարելւոյն կեանքի կոչելով, կը յուսան Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորել հայ կեանքին մէջ ի փառս Աստուծոյ։

ԴԻՒԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ
ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ