ԼԱՒԱԳՈՅՆԻՆ ԵՒ ԻՐԱՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՒՄՈՎ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ուրախ եմ յայտնելու, որ Ազգային Առաջնորդարանիս մէջ այս շաբաթ ամերիկեան ցամաքամասի Թեմակալ երեք առաջնորդներու հանդիպում տեղի ունեցաւ, յանձինս Գանատայի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Բաբգէն Արքեպս․ Չարեանի եւ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի։ Օրակարգի կեդրոնական նիւթն էր վերակազմակերպել եւ վերաշխուժացնել տեղական գաղութները, միաժամանակ շարունակել մեր արտահաս առաքելութիւնը Մայր Հայրենիք եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ համայնքներու։
Հայ գաղութը այս ցամաքամասին վրայ խոր արմատներ ունենալով 19րդ դարէն սկսեալ, անբաժան մասնիկը դարձած է այս օրհնեալ երկրին։ Ուստի, վերամշակելով ու ներկայի պահանջներուն համաձայն վերակազմակերպելով հաւաքական մեր կեանքը, կը ձերբազատինք ձուլման ահաւոր սպառնալիքէն ու գաղթականի հոգեբանութենէն, եւ կը զարգացնենք դրական ոգին, թէ բաղադրիչ տարրն ենք այս ընկերութեան՝ մեր ստեղծագործութիւններով, դարաւոր արժէքներով, փորձառութեամբ ու տեսլականով։
Նորագոյն ապացոյցը այս իրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանն է, որ Լիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած էր, եւ օգտուելով Ամերիկայի ընձեռած բարիքներէն, պատուեց այս երկիրը՝ ապահովելով բժշկութեան մէջ բարձրանիշ մրցանակ մը։
Այս մօտեցումով, ամէնքս ալ ձգտինք լաւագոյնին, որպէսզի փառք ապահովենք Արիներու Երկրին, նաեւ օգնենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք դեռ եւս տառապանքի տաժանակիր ճամբով կը քալեն Լիբանանի մէջ թէ այլուր։
Այս առթիւ կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեր Հոգեւոր Հովիւներու եւ գաղութներու գործակցութեամբ, Լիբանանի օժանդակութեան գումարը հասած է 78.875 տոլարի։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք սիրայօժար մաս եւ բաժին կը հանեն իրենց վաստակէն մեր հեռակայ հայրենակիցիներուն։
Աստուծոյ օրհնութեամբ առողջ մնանք ու գործենք, մի՛շտ իրարու հետ եւ իրարու համար։