ՀՕՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ 100ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբերէն մինչեւ Կիրակի, 3 Հոկտեմբեր, Պոսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 100րդ պատգամաւորական ժողովը։ Շաբաթ երեկոյեան, Ջրաւանի (Ուոթըրթաուն) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը, ընդ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, հանդիսավարութեամբ տիկ. Անի Աթթարի՝ ԱՄՆի Արեւելեան Շրջանի ատենապետուհի։ Ան կուռ ոճով ներկայացուց Միութեան գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անխտիր բոլոր ընկերուհիներուն եւ Միութեան հաւատացող ազնուասիրտ նուիրատուներուն։ Յանուն Կեդրոնական Վարչութեան, խօսք առաւ Նայիրի Տէրտէրեան, շեշտելով ՀՕՄի ծառայութեան հրամայականը տարբեր ցամաքամասերու վրայ։ Այս առթիւ, շնորհաւորագրեր եւ մաղթանքներ ընթերցուեցան Գալիֆորնիոյ եւ Գանատայի շրջանային վարչութեանց կողմէ։
Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ.
«Յանուն Ազգային Առաջնորդարանի Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, կ՚ողջունեմ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի 100րդ պատգամաւորական ժողովը եւ ժողովականները։
Պատմական այս համաժողովը կ՚ենթադրէ ցամաքամասիս տարբեր շրջաններուն մէջ մեղուաջան ու նուիրեալ կամաւորներու 100 տարիներու անխափան հաւաքներ՝ Հայ կեանքը յուզող տագնապներու լուծումներ որոնելու եւ զանոնք իրականացնելու վսեմ գաղափարականով։
ՀՕՄի հիմնադրին ժամանակաշրջանը, պայմաններն ու տիրող կարիքները որքան որ տարբեր էին մերօրեայ կացութենէն, սակայն տեսլականը՝ անսակարկ կերպով ծառայել մեր ժողովուրդին, կը մնայ նոյնը, աւելի ճիւղաւորուած եւ աւելի ընդարձակուած։ Արդարեւ, եթէ մինչեւ 1988ի աղէտալի երկրաշարժը ՀՕՄի հոգածութեան առարկան դարձած էր Միջին Արեւելքը, այնուհետեւ կիզակէտ դարձաւ մայր Հայրենիքը, Արցախով ու Ջաւախքով, միշտ պատրաստ նորանոր տարածքներ ընդգրկելու։
Հայ ժողովուրդի ի սպաս բարեսիրական, մշակութային ու ընկերային ծառայութիւններու ատոք հասկերով ծանրաբեռնուած աւելի քան մէկ դարու մայրական գուրգուրանքով ու զոհողութեամբ համակուած այս սքանչելի կազմակերպութեան անկիւնադարձային հանգրուանին կ՚աղօթենք Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադիր, եւ անցեալի բոլոր անձնուրաց անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ, կը մաղթենք յարատեւ ու աննահանջ կորով ներկայի նուիրեալներու, կը ցանկանք որ նորանոր կամաւորներ խտացնեն շարքերը Հայ կեանքը հարստացնող ու լուսաւորող ընծայեալ ՀՕՄուհիներուն, եւ կը քաջալերենք որ բարերարներ լայն բանան իրենց սրտերը որպէսզի փառապանծ այս Միութիւնը նորանոր իրագործումներով պսակուի»։
Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլոր անոնք որոնք արժանացան գնահատագրի, ի մասնաւորի տիկ. Անժէլ Մանուկեանը՝ ՀՕՄի Կեդրոնական ու Շրջանային Վարչութիւններու բազմամեայ անխոնջ սպասարկուն, որ պատուուեցաւ Lifetime Achievement Awardով։ Ան իր անջնջելի դրոշմը թողած է Միութեան ժողովրդանուէր ծառայութեան վրայ, ներշնչելով սերունդներ, որ սիրով եւ ուրախութեամբ փարին Հայ Խաչուհիին ընձեռուած առաքելութեան։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ճոխացուց ձեռնարկը։
Ճաշկերոյթը փակուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով։