Լուրեր

ՏՈՔԹ. ԱՐՏԵՄ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ՝ ՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Նոպէլեան մրցանակի յանձնաժողովը հաղորդեց, որ այս տարուան բժշկութեան բնագաւառի մրցանակը պիտի կիսեն երկու կենսաբաններ՝ Արտեմ Փաթափութեան եւ Տէյվիտ Ճուլիըս։

Գիտնականները Նոպէլեան մրցանակին արժանացած են մարմնի ջերմաստիճանի, հպումի հակազդող բջիջներու յայտնագործութեան համար, որ պիտի նպաստէ կարգ մը հիւանդութիւններու բուժման եղանակներ գտնելու եւ հիւանդներու երկարատեւ ցաւերը մեղմացնելու։

Մանրէաբան-կենսաբան Արտեմ Փաթափութեան ծնած է 1967ին, Պէյրութ։ Երեք զաւակներէն մէկն է գրագէտ Սարգիս Վահագնի (Փաթափութեան) եւ մանկավարժ Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանի։ Եղբայրը՝ դոկտ. Արա Փաթափութեան, համակարգիչներու մասնագէտ եւ աւելի քան երեսուն գիւտերու հեղինակ է։

Արտեմ Փաթափութեան իր հայեցի կրթութիւնը ստացած է ՀԲԸՄի «Յովակիմեան-Մանուկեան» եւ «Տէմիրճեան» վարժարաններուն մէջ։ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման սկսելէ ետք, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով 1986ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ իր ընտանիքին հետ։ 1990ին, Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ստացած է բջիջներու զարգացման կենսաբանի կոչումը, իսկ 1996ին` Գալիֆորնիոյ արհեստագիտութեան հիմնարկէն (California Institute of Technology) ստացած է դոկտորի կոչումը: Անդամ է Ամերիկայի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի եւ 2000 թուականէն կ՚աշխատի Լա Հոյա գտնուող «Սքրիփս» հիմնարկին մէջ։

Տեղին է յիշեցնել, որ 2007ին, երբ ԱՄՆի նախկին նախագահ Ալ Կոր եւ Կլիմայի Փոփոխութեան Միջ-Կառավարական Մարմինը (Intergovernmental Panel on Climate Change) համատեղ ստացած են Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակը, Մարմինի տեղեկագիրներուն պատրաստութեան մէջ բաժին ունեցած է, սակայն մրցանակ ստացած չէ ամերիկահայ գիտնական Տորք Սահակեանը, զաւակը՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի նախկին վարիչ տնօրէնուհի տիկ. Հուրիկ Փափազեան-Սահակեանի։