Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան, շրջապատուած Ազգային Վարչութեան անդամներով եւ եկեղեցւոյ Մարմիններով
Կիրակի, 3 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեան, փոխ-ատենապետ՝ տոքթ. Ռաֆֆի Մանճիկեան, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ դպիր՝ տոքթ. Մարք Տիլսըզեան։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան Աստուածաշունչի ընթերցումներուն, վեր հանելով միասնութեան եւ ինքնագնահատման արժէքները։ Ան նաեւ խօսեցաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ահռելի դժուարութիւններուն մասին, հրամցնելով խօսուն օրինակներ։