Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 3 Հոկտեմբեր, 2021)

Այսօր, Սուրբ Խաչի Վերացման չորրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը Մարկոս Աւետարանիչէն է 11.27-33, ուր  կը կարդանք, թէ Յիսուս Սողոմոնի Տաճարին մէջ անգամ մը եւս քահանայապետներու եւ Դպիրներու կողմէ կը հարցաքննուի, թէ ի՞նչ հեղինակութեամբ իր ուսուցումներն ու հրաշքները կը կատարէ։ Ի՜նչ անհեթեթ հարցում։ Արդարեւ, Նիկոդեմոս, որ Փարիսեցիներու գերագոյն ժողովի անդամ էր, գիշերով մը Յիսուսի մօտ գալով խոստովանած էր ու ըսած. «Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղըկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ» (Յհ 3.2)։ Յիսուս, հրեայ ղեկավարներուն նենգամտութիւնը հասկնալով, կը հարցնէ իրենց, թէ արդեօք Յովհաննէսի կատարած մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր, թէ՞ մարդոցմէ։ Անոնք, անդրադառնալով որ իրենց լարած թակարդին մէջ իրե՛նք պիտի իյնային, կ՛ըսեն՝ չենք գիտեր։ Ուստի, Յիսուս կը պատասխանէ՝ ես ալ պիտի չըսեմ թէ ինչ հեղինակութեամբ կը կատարեմ այս բոլորը։

Այլ առիթներով անդրադարձած ըլլալով հրեայ առաջնորդներու հոգեւոր կուրութեան, կ՛ուզեմ, որ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք օրուան առաքելական նամակին վրայ, որով Պօղոս առաքեալ իր խօսքը ուղղելով  Կորնթացիներուն, կ՛ըսէ․ «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք » (Բ Կր 13.5-13)։

Ի՜նչ դրական եւ գործնական պատուէր, որ ուղղուած է բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։ Ուստի, ամփոփ կերպով կ՛ուզեմ անդրադառնալ հետեւեալ կէտերուն․

ա․ Պօղոս առաքեալ, որ նախապէս Սօղոս կը կոչուէր եւ քրիստոնեաներու կատաղի հալածիչ էր, գիտակից էր, թէ քրիստոնէութեան իր դարձը, զոր կը պարտէր Յիսուս Փրկիչին շնորհքին, միշտ ենթակայ էր Չարի անխնայ յարձակումներուն։ Ահա թէ ինչու ան կեանքը հոգեւոր պատերազմ կը նկատէր, եւ իր օրինակով կը հրաւիրէր հաւատացեալները որ միշտ պատսպարուին հոգեւոր զրահով (Եփ 6.10-18)։

բ․ Առաքեալը, որ վարժ դաստիարակ մըն էր, երբեք չէր գոհանար միայն քարոզելով։ Ան կը ջրէր հաւատքի սերմերը, զորս հաւատացեալներուն մէջ կը ցանէր, եւ նախանձախնդիր էր անոնց առողջ աճման։ Քաջածանօթ էր մարդկային տկարութեանց, ինչպէս նաեւ Թշնամիին նուրբ փորձութիւններուն, որ կը ջանայ արմատէն չորցնել բարի հունձքը, ինչպէս Քրիստոս կանխազգուշացուցած էր սերմնացանի առակով (Մր 4.20)։ Հետեւաբար, որպէս հաւատարիմ ծառայ Հայրատունկ այգիին, ան ամենայն բծախնդրութեամբ հոգ կը տանէր, որ չարը որոմ չցանէ (Մտ 13.24-30,36-43) Աստուծոյ կողմէ իրեն վստահուած մարդատունկի հոգիներուն մէջ: Որով կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ որ զգոյշ ըլլայ եւ անդադար ինքզինք քննէ՝ մտածումները, խօսքերն ու գործերը, որպէսզի որեւէ ձեւով  անգիտակցաբար Աստուծմէ չհեռանայ։ Դժբախտաբար, սխալ ըմբռնուած համոզում մը կայ կարգ մը հաւատացեալներու մէջ, թէ անգամ մը որ Մկրտութեամբ փրկուինք, յաւերժաբար փրկուած կը մնանք, անկախ մեր մեղանչական ընթացքէն։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ Յիսուս Քրիստոսի սրբարար արիւնով միայն կը փրկուինք առ յաւէտ, սակայն զգո՜յշ, անհոգ ընթացքը կրնայ մեզ հակառակ ուղղութեան առաջնորդել, ինչպէս Քրիստոսի կենսատու խօսքերը կ՛ուսուցանեն մեզի։

գ․ Քննութենէ անցնելու իրողութիւնը հասարակաց է կեանքի այլազան մարզերէն ներս։ Այսպէս, բժշկութեան մէջ որեւէ գործողութենէ առաջ բժիշկը իր օգնականներով կը քննէ հիւանդը եւ անոր հետ առնչուող տեղեկութիւնները, որպէսզի նուազագոյնի իջեցնէ վտանգը եւ առաւելագոյնս ապահովէ յաջող արդիւնք մը։ Օդաչուն կը քննէ օդանաւի բոլոր գործիքները նախքան որ թռիչք առնէ։ Զինուորական մարզէն ներս, նախքան որեւէ զգայացունց որոշում առնելը եւ կամ յարձակում կատարելը, թեր ու դէմ բոլոր տուեալները կը քննուին, ըստ կարելւոյն ռազմական պատուաւոր գործողութիւն մը ունենալու համար։ Մարզական կեանքէն ներս, յաճախ խաղերու իսկ ընթացքին, մարզիչը վերաքննութեան կ՛ենթարկէ խաղի ռազմավարութիւնը։ Հասարակական որեւէ ներկայացումէ կամ ելոյթէ առաջ, կը փորձարկուին ձայնային թէ պատկերային բոլոր գործիքները։ Ընթացիկ կեանքի կանոնաւորութեան համար եթէ այսքան հրամայական է քննելն ու փորձելը, որքա՛ն աւելի կենսական է մեր հոգեւոր կեանքի պարագային։ Որքան աւելի քննենք մենք զմեզ, նոյնքան աւելի մեր ողջ էութիւնը առողջ աճ կ՛ունենայ եւ դիւրաւ կը զատորոշենք բարին չարէն։

դ․ Ինքնաքննութեան ամենէն պարզ ու գործնական չափանիշը Առաքեալը ի՛նք կը հայթայթէ մեզի, ըսելով. «Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին»։ Չարը ջանք ու ճիգ չի՛ խնայեր ինքնարդարացման միջոցաւ մեզ անկումի առաջնորդելու, մինչդեռ մենք պէտք է արթուն եւ զգաստ ըլլանք տեսնելու թէ մեր կամքը Աստուծոյ կամքին զուգահե՞ռ  է։ Մեր Տէրը Իր երկրաւոր կեանքի ամբողջ ընթացքին սորվեցուց մեզի Հայր Աստուծոյ նայիլ։ Աստուծոյ կամքը կատարելը լաւագոյն երաշխիքն է, որ մօտ ենք Աստուծոյ եւ Անոր նմանելու ուղիղ ընթացքի մէջ ենք։

Հաւատքի ախոյեան եւ հոգատար դաստիարակ Առաքեալին այս անկեղծ հրաւէրը մեր ամէնօրեայ կեանքի սնունդը դարձնելով, Ներսէս Շնորհալի հայրապետին հետ աղօթենք ու ըսենք․ «Իմաստութիւն Հօր՝ Յիսուս, տուր ինծի իմաստութիւնդ, որպէսզի բարի բաներ խորհիմ․ խօսիմ ու գործեմ։ Չար մտածումներէ․ խօսքերէ ու գործերէ փրկէ զիս», որպէսզի գոհաբանեմ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։