ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ
Հոկտեմբեր ամիսը իւրայատուկ պատգամ մը կը փոխանցէ Հայութեան՝ աշխարհի չորս ծագերուն։ Հոկտեմբե՛ր, Մշակոյթի ամիս։ Ի՜նչ բացառիկ որակում՝ ամբողջ ամիս մը ներկայացնել իմացականութեան անկորնչելի արժէքով, որ կը ցոլացնէ անհատական ու հաւաքական ստեղծագործութեան, սիրոյ, վիշտի, ուրախութեան եւ տեսիլքներու ոգին։
Նախակրթարանէն ի վեր, մտաւոր կազմաւորմանս մէջ յատուկ տեղ ունեցած է վաղամեռիկ քնարերգակ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցը, որուն բանաստեղծութիւններէն «Հիւղը», որ վստահ եմ ծանօթ է շատերուդ, համազօր կը նկատեմ աղօթքի։
Բանաստեղծը կ՛ըսէ․- Դաշտի ճամբու մը վըրան,/ Կամ ստորոտը լերան,/ Ուղեւորին ժամանման/ Սպասող հիւղն ըլլայի:/ Ու գգուանքիս կանչէի/ Ես ճամբորդներն անժաման,/ Ու ճամբուն վրայ մենաւոր, / Ու ճամբուն վրայ ոսկեման,/ Եկուորներուն դիմաւոր՝/ Ծխանիս ծուխն ամպէի:
Անանձնական ի՜նչ ցանկութիւն, ուր ուրախութեան աղբիւրը ունենալը չէ՛, այլ բաժնելը։ Երբ բաժնենք բան մը, զայն չենք կորսնցներ։ Ընդհակառակը՝ ինչ որ բաժնուի, ո՛վ հրաշք, աւելի կ՛աճի եւ մեր ներքին աշխարհը կը յորդեցնէ անանցանելի երջանկութեամբ։
Դրական այս բանաստեղծութիւն-աղօթքէն մեկնելով, կ՛ուզեմ յայտնել, որ անցեալ դարու բանաստեղծին ոգիով մեր մէջ ունինք ծխականներ ու բարեկամներ, որոնք կը մարմնացնեն անանձնական այս ուրախութիւնը՝ բաժնելով աստուածատուր իրենց պարգեւները այլոց, յատկապէս այս օրերուն՝ Լիբանանի մէջ տառապող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Ուրախ եմ ըսելու, որ մեր Լիբանանի Օգնութեան Ֆոնտը հասաւ 80.075 տոլարի։
Բոլոր բարիքները բաշխող Ամենաբարին Աստուած թող աւելցնէ մեր ֆիզիքական ու նիւթական, մտաւոր ու հոգեւոր պարգեւները, որպէսզի մեր կարգին բաժնենք զանոնք մեր հայրենակիցներուն հետ որոնք ներկայիս զրկուած են անոնցմէ։