«ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՍԻՐԷ ԱՆ, ՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ԿՈՒ ՏԱՅ»
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 10 Հոկտեմբեր , 2021)
Այսօր Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի հինգերորռդ Կիրակի օրուան Արետարանի ընթերցումը Մարկոս Աւետարանիչէն առնուած է (12.35-44)։ Մեր Տէրը Յիսուոս Քրիստոս օր մը Սողոմոնի Տաճարին մէջ շրջած ատեն կը նկատէ որ հարուստներ մեծ գումարներ կը դնեն գանձանակին մէջ, մինչ աղքատ այրի մը «բէնի»ի համարժէք իր լուման կը դնէ անոր մէջ։ Յիսուս իր մօտ կանչելով առաքեալները, կ՚ըսէ անոնց․ «Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը»։
Այս ընթերցումը այն հատուածներէն է ուր ո՛չ հրաշքի եւ ո՛չ առակներու ընդմէջէն հանդիսաւոր ուսուցումի կը հանդիպինք, այնուամենայնիւ հոգեւոր գեղեցիկ մարգարիտ մըն է, խտացեալ եւ ազդու պատգամով, որ կը ցոլացնէ Նախախնամութեան բացառիկ հոգատարութիւնը։ Ուստի, հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել։
ա․ Այս դէպքը հիմնական ճշմարտութիւն մը կը հաստատէ, թէ մեր երկնաւոր Հօր ներկայութեան բոլորս ալ հաւասար ենք։ Շատ յաճախ ֆիզիքական․ իմացական, նիւթական տարբերութեանց պատճառաւ գանգատներ կը բարձրանան, թէ Աստուած արդար չէ։ Որքան ալ մեր ուշադրութիւնը գրաւուի երեւելի այդ տարբերութիւններով, սակայն պէտք չէ մոռնանք որ անխտիր ամէնքս ալ առանձնաշնորհուած ենք Իր զաւակները ըլլալով։ Ո՛չ մէկ բան կրնայ շեղեցնել Աստուծոյ նախախնամութիւնը Իր ստեղծագործութեան հանդէպ, ընդհանրապէս, եւ առանց բացառութեան մարդ էակներու հանդէպ, որոնք Իր պատկերը կը կրեն, ի մասնաւորի։
բ․ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ամենասուրբը, որ Իր սրբութեամբ կը սրբագործէ ստեղծագործութիւնը, գործնական Իր արարքով կը սորվեցնէ որ Տաճարին/եկեղեցւոյ մէջ աղօթելը պէտք է բնական մաս կազմէ մեր կեանքին, արտայայտելու համար մեր երախտագիտութիւնը Արարիչ եւ Հայր Աստուծոյ։ Միասին ըլլալն ու գործելը՝ կեանքի բոլոր պարագաներուն, մեր գոյութեան կենսական ներուժը կը կազմէ որպէս ընկերային արարածներ։ Առիթով մը, Քրիստոս խօսելով աղօթքի մասին (Մտ 18.20), շեշտեց անոր զօրութիւնը, նոյնիսկ երբ երկու կամ երեք հոգի միասին խոնարհաբար իրենք զիրենք կը յանձնեն սիրող երկնաւոր Հօր։
գ․ Ոչի՛նչ կրնայ թաքնուիլ Ամենատեսին աչքէն, որ Իր արարածները զարդարեց տեսնելու կարեւոր զգայարանքով։ Ո՛չ միայն բարձր լեռները, այլ նաեւ բանաւոր խոնարհ սրտերն ու անոնց չնչին գործերը հոգածու Հօր ուշադրութեան առարկայ են, ինչպէս սաղմոսասացը կ՚ըսէ․ «Աստուծոյ հաճելի զոհը՝ խոնարհ հոգին է» (Սղ 51.17). Սուրբ Գիրքը լի է պատումներով, ուր Աստուած կը տեսնէ ու կը լսէ բոլորին, մանաւանդ թշուառներու մրմունջը։
դ․ Մեր Տիրոջ գնահատումը, թէ «Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ» շշմեցուցիչ կը թուի, սակայն աստուածային արդարութիւնը կը ցոլացնէ, որովհետեւ Ան ամբողջացնելով Իր խօսքը, կ՛ըսէ․ «Միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը»։ Այս խօսքը չափազանցութիւն չէ, եւ ո՛չ ալ անգիտութիւն, այլ նախ՝ իրապաշտ հաստատում մը, համեմատելով աղքատ այրիին եւ հարուստներուն ունեցածը, եւ ապա՝ նկատի ունենալով անոնց տալու մտադրութիւնը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ․ «Աստուած կը սիրէ ան որ ուրախութեամբ կուտայ» (Բ Կր 9.7)։
ե․ Մեր Տիրոջ հաստատումը կը քաջալերէ իւրաքանչիւրս որ չվատնենք մեր կեանքը բաղդատելով այլոց կացութեան հետ, ընդհակառակը՝ պեղենք եւ գտնենք մեր տաղանդներն ու կարողութիւնը եւ գործածենք զանոնք անկախ այն իրողութենէն, թէ որքան համեստ կը թուին մեր կամ այլոց աչքին։ Քաջ գիտնանք որ հոգատար երկնաւոր Հայրն է գերագոյն գնահատողը, որ անկողմնակալ է եւ անարգամեծար՝ սակաւը ընդունելով բազմապատիկ կը վարձատրէ։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խրախուսիչ այս հաստատումը լսելով, գործնական մեր մասնակցութիւնը բերենք արարչագործութեան ընթացքին մէջ, վստահ ըլլալով որ Տուիչը ամենայն բարեաց, մեր ակնկալութիւններէն աւելի կը մեծարէ մեր բարի մտադրութիւններն ու գործերը։ Ուրախութեամբ ընդունինք տալու ամէն առիթ որ կը ներկայանայ մեզի, գիտնալով որ միակ պատճառը որ Աստուած կ՛ընծայէ մեզի այս առիթը, անոր համար է որ Ան կ՛ուզէ աներեւակայելի տոկոսով վերադարձնել մեզի փոխարժէքը, մասնակից դարձնելով յաւիտենական բարիքներուն, Որուն կը վայելէ փառք եւ իշխանութիւն։ Ամէն։