Լուրեր

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԱԷՍԹՐՕ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ՕՐԲԵԼԵԱՆԻ

Ձախէն աջ՝ տիկ. Շողակ Յովհաննէսեան, Դանիէլ Եպիսկոպոս, մաէսթրօ Կոստանդին Օրբելեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ պրն. Մհեր Մարգարեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ ՄԱԿի մէջ

Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի էջմիածնական Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան մը ի պատիւ ծանօթ երաժիշտ ու նուագավար Կոստանդին Օրբելեան, որ վերջերս նշանակուած էր Նիւ Եորք քաղաքի օփերայի երաժշտական ղեկավար։ Ձեռնարկի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հետեւեալ խօսքը արտասանեց.

«Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հոգեւոր եղբօրս՝ Դանիէլ եպս. Ֆնտըքեանին, որ Նիւ Եորք քաղաքի օփերայի նորանշանակ երաժշտական ղեկավար՝ մաէսթրօ Կոստանդին Օրբելեանին բաrի գալուստ մաղթելու ուրախութիւնը բաժնեկցած է այս ընդունելութեամբ։

Պէտք է համեստօրէն խոստովանիմ, որ իմ մասնագիտութենէս շատ հեռու է արժեւորել երկու սուրբերու անունը կրող քաղաքներէ՝ Ս. Փեթերպուրկէն եւ Սան Ֆրանսիսքոյէն եկող մաէսթրօ Օրբելեանի աշխարհահռչակ տաղանդը։ Անկասկած, անոր աստուածատուր շնորհքին աղբիւրը Արարատ լերան երկիրն է, Նոյի հետ ուխտը ընող Աստուածային Ձայնը եւ հայ ազգի դարաւոր ստեղծագործ ոգին, տառապանքը, եւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման տենչանքը։

Իբրեւ դրական մտածող, խորապէս երախտապարտ եմ Ամենակալ Տիրոջ, որ այնքան արհաւիրքներու մէջ, մեր վրայ կը տեղացնէ մխիթարական նշաններ եւ ուրախութեան պատճառներ այս տարուան սկիզբէն։ Պրն. Նուպար Աֆէեան իր գործնական բաժինը բերած է՝ մատուցելու արդիւնաւէտ պատուաստ մը, որ կը ծառայէ պայքարելու աշխարհիս սպառնացող ժահրին դէմ։ Այս շաբթուան սկիզբը, տեղեկացնք, որ տոքթ. Արտեմ Փաթափութեան Արիներու Երկիրը պատուած է՝ բժշկութեան Նոպէլեան մրցանակի ստացողներէն մէկը դառնալով։ Այսօր, կը տօնենք մաէսթրօ Կոստանդին Օրբելեանի նշանակումը որպէս Նիւ Եորք քաղաքի օփերայի երաժշտական ղեկավար։

Թող Բարեգործ Տէրը մաէսթրօ Օրբելեանի ճպոտին տայ Իր ուժը՝ Նիւ Եորքի օփերան ղեկավարելու իր աստուածատուր տաղանդով, ունկնդիրներու սրտերուն խաղաղութիւն ներշնչելու եւ բարի գործերու մղելու, եւ նաեւ դառնալու դեսպանը հայ երաժշտութեան եւ տաղանդին արուեստի այս քաղաքին մէջ»։