Հայաստանի Ազգային Գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին միջեւ վերջերս կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր, որ կ՚ընդգրկէ հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկումը եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովումը, համատեղ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումը, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակումը, մասնագէտներու փոխայցելութիւնները, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացումը եւ «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացած տարբերակի տրամադրոմը, «Հայ գիրք» եւ «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մասնակցութեան տեսլականներով:
Այս առիթով, Ազգային Գրադարանի տնօրէնը՝ Աննա Չուլեան, նշեց, որ այս համագործակցութիւնը սկսած է տարիներ առաջ, իսկ յուշագրի ստորագրութիւնը նպատակ ունի պաշտօնական բնոյթ տալ համագործակցութեան՝ նոր եռանդ տալով անոր։
«Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու անձնապէս, իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանին հետ պաշտօնական գործակցութեան յուշագիրի կնքումին առիթով, վերահաստատելով հայ գիրքի երկարակեցութիւնն ու տարածումը ապահովող լաւագոյն ծրագիրներու իրականացման ի խնդիր աշխատանքներուն ամբողջական մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը: