ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՄԸ՝ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
Անցեալ շաբաթ, Արտեմ Փաթափութեան արժանացաւ բժշկութեան ոլորտին Նոպէլեան մրցանակին, հանդիսանալով առաջին հայ դափնեկիրը, որ կը ստանայ մտաւորական աշխարհի տարբեր մարզերու՝ գրականութենէ մինչեւ տնտեսագիտութիւն, բարձրագոյն պարգեւին։
Հասկնալի է, ուրեմն, որ հայրենի եւ սփիւռքեան ընկերային ցանցերը եւ լրահոսը հեղեղուած ըլլան այս բացառիկ լուրով, որ բառին բուն իմաստով պատմական բնոյթ ունի։ Թերեւս չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ անցեալ տարուան աղէտալի ապրումներէն ետք՝ տակաւին եւ դարձեալ սգաւոր Հայոց Աշխարհին համար (ըլլայ դասական՝ հայոց երկրի, ըլլայ արդիական առումով՝ աշխարհատարած հայութեան իմաստով), ասիկա եղաւ ընթացիկ տարւոյս ամենէն հպարտառիթ եւ ոգեւորիչ լուրերէն մին, երբ դեռ Եռաբլուրի գերեզմաններուն հողը փափուկ է եւ մեր մանկահասակ մարտիկներուն դէմքերն ու յիշատակը կը մնան դրոշմուած մեր սրտերուն մէջ։
Երեւոյթ մը կայ, սակայն, որուն օտարալեզու հայ մամուլն ու դէմքերը, մանաւանդ, չեն անդրադարձած. Փաթափութեան, հայ գրականութեան մէջ որոշակի վաստակ ունեցող արձակագիր հօր եւ հայերէնի ուսուցչուհիի զաւակ, ստացած է իր նախնական ու երկրորդական ուսումը Լիբանանի հայկական վարժարաններու մէջ եւ հասակ առած է մասնակցելով տեղւոյն հայութեան միութենական կեանքին, ունենալով նոյն այն ընկերները, որոնք այսօր իրենց Նոպէլեան մրցանակակիր դասընկերը ցուցադրող մանկութեան լուսանկարներ կը տեղադրեն Դիմատետրի վրայ։
Ի՛նչպէս չպարծենալ եւ չյուզուիլ երբ կը դիտենք Պէյրութի ՀԲԸՄ «Տէմիրճեան» վարժարանի մանկապարտէզին Ծաղիկ դասարանի խմբանկարը, ուր փոքրիկն Արտեմ կը ժպտի լուսանկարիչ մեքենայի ոսպնեակին առջեւ, իր դասընկերներով եւ իրենց ուսուցչուհիով՝ օրդ. Սիրուն Սահակեան։
Սակայն, գլխաւոր արժանիքը դափնեկիրին կը պատկանի, անշուշտ։ «Յաղթանակը բազմաթիւ ծնողներ ունի, իսկ պարտութիւնը որբ է», կ՚ըսէ յայտնի խօսքը։ Ասիկա չի նշանակեր, որ ամբողջ հայութիւնը Նոպէլեան մրցանակը ձեռք բերած է Փաթափութեանի հետ։
Անհերքելի է, որ ան ո՛չ թէ անպայման հայկական դպրոցի աշակերտ ըլլալու շնորհիւ է, որ նուաճած է այս անգերեզանցելի պսակը, բայց նոյնքան իրաւ է, որ հայկական դպրոցի աշակերտ ու շրջանաւարտ ըլլալով, առաւել եւս՝ Լիբանանի ահռելի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, Փաթափութեան այսօր արձանագրած է իր հայ անունը գիտութեան պատմութեան էջերուն վրայ։
Ահա այստեղ համեստութեան պատգամ մը կայ բոլոր այն հայ ծնողներուն եւ մանաւանդ հայ մանկավարժ եւ վարժարան արհամարհող եւ փակող համայնքային ղեկավարներուն համար, եւ բոլոր անոնց համար, որ կրթական որակ կը փնտռեն օտար դասարաններու մէջ։
Գուցէ պատահական չէ, որ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած ուրիշ լիբանանահայ մը՝ Նուպար Աֆէեան, վերջերս նման հռչակ շահեցաւ իր ընկերութեան կողմէ հնարուած պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստին շնորհիւ։ Տառապեալ լիբանանահայութիւնը, որ այնքան տուած է Սփիւռքին եւ աշխարհին եւ որ այսօր մատնուած է աննախադէպ, նոյնիսկ պատերազմի սարսափելի տարիներէն աւելի տագնապալի վիճակի։
Մտածել, որ ասոնք միայն հանրածանօթ անուններն են։ Քանի՞ հատ են հայ դպրոցի արժանաւոր շրջանաւարտները համայն աշխարհի մէջ, որ իրենց արդիւնաւէտ եւ շահեկան նպաստը կը բերեն տարբեր ոլորտներու մէջ։ Արդեօք ընկերութիւնը քանի՞ Աֆէեաններէ, Փաթափութեաններէ եւ աւելի անծանօթ «եան»ներէ զրկած են մեզի հայ դպրոց փակողները իրենց «կրթական որակ»ի սխալ հասկցուած ու կիրարկուած չափանիշներով, որոնց համաձայն հայերէն լեզուի օգտակարութիւնը վիճելի է, եւ որոնք հաւանաբար կը համապատասխանեն մակերեսային ու անհամեստ ընկերային ընկալումներու, ուր դեր կը խաղայ ֆրանսական կամ անգլիական դպրոցներու մասին հանրութեան մէջ տարածուած պատկերը, շատ աւելի քան զուտ ուսումնական բնոյթի մտահոգութիւններ։
Վերջապէս, անխուսափելի է նաեւ անդրադառնալ այս խանդավառութեան դիմաց պարզուող ուրիշ անհերքելի փաստի մը։ Առաջին անգամ ըլլալով Նոպէլեան մրցանակի 120ամեայ պատմութեան մէջ, 609 դափնեկիրներէն մէկը հայ է։ Ուստի հայութիւնը դեռ շատ կտրելիք ճամբայ ունի իր առջեւ, եւ այդ ճամբան կ՚անցնի նաե՛ւ մեր դպրոցներուն ընդմէջէն։