Կիրակի, 10 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տիրպորն, Միշիկըն) եւ սարկաւագ ձեռնադրեց Դոկտ․ Երուանդ կիսասարկաւագ Պետիկեանը եւ Ռաֆֆի կիսասարկաւագ Քիւրէճեանը, խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. էր Հրանդ Քհն․ Գէորգեանի։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Սարկաւագութեան այս աստիճանը որպէս մնայուն ծառայութեան արտայայտութիւն եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններու, նաեւ եկեղեցիէն ներս եւ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ իրենց անսակարկ նուիրումը ընծայողներու պարագային։ Ան մաղթեց որ ձեռնադրեալները Խորանէն անդին համայնքի կեանքին մէջ իրենց վարքով խնկարկեն բարի օրինակի անոյշ բոյրը։