Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիկ. Լիլիթ Մակունցի այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Դեսպանին (նկարին մէջ՝ ձախին) կ՚ընկերանար դեսպանատան իրաւական խորհրդական՝ տիկ. Վարդուհի Մելիքեանը։ Հանդիպումին ընթացքին, տեղի ունեցաւ շահեկան խօսակցութիւն մը Հայաստանն ու Սփիւռքը հետաքրքրող հարցերու մասին։