Առաջնորդարանէն

ԱՂՕԹՔԻ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը նախաձեռնած էր չափահասներու ուղղուած աղօթքի գործնական ուղեցոյցի մը ներկայացպումին, որ տեղի ունեցաւ 6 եւ 13 Հոկտեմբերին, առցանց կերպով։ Ծրագիրը կը վարէր բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, 67 հոգիի մասնակցութեամբ։

Եթէ մնայուն կերպով պիտի աղօթենք, ինչպէս կը յորդորէ Ս. Գիրքը, պէտք ունինք աղօթքի կարգապահ ընթացքի մը, որ հիմնուած ըլլայ սուրբգրային աւանդութեան վրայ։ Աղօթքը բնականօրէն կը բխի, երբ խիստ վատ կամ ուրախալի կացութեան մէջ ենք։ Բայց կեանքը կ՚ընթանայ այդ երկու ծայրայեղութիւննրուն միջեւ։ Ահա թէ ինչու, Շանթ Ա. Սրկ. ըսաւ, կարգապահ աղօթական կեանքի կարիքը ունինք։

Դասախօսը անրադարձաւ Ս. Գիրքի եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւանդութկեան մէջ տրամադրելի հիմնական նիւթերուն, որոնք կ՚օգնեն հաստատելու աղօթական համառօտ կարգ մը, ինչ որ օրական քանի մը վայրկեան կը տեւէ։ Ան մասնակիցներուն տրամադրեց գործնական ուրուագիծ մը։