Կիրակի, 17 Հոկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին հիւրընկալեց բարեգործական համերգ մը՝ «Կեանքեր փոխեցէք, աշխարհը փոխեցէք» խորագրով, ի նպաստ Արցախի ու Լիբանանի կարիքաւոր հայ ընտանիքներու՝ Ազգ. Առաջնորդարանի միջոցով, եւ Նիւ Եորքի համալսարանի կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան ծրագրին։
Գաղափարը յղացած էին 17ամեայ Անահիտ Ինջիկիւլեանը եւ 15ամեայ Պենճամին Զասլասկին։ Սոփրանօ Անահիտ Ինջիկիւլեանը Մայր Եկեղեցիի ընտանիքի արդէն լաւ ծանօթ անդամներէն է եւ մեր համայնքի նորագոյն տաղանդներէն։
Յայտագիրը կը կազմէին 18 երգային ու գործիքային կարճ կտորներ, մեծաւ մասամբ՝ դասական երաժշտութեան պատկանող, որոնք գեղեցիկ կերպով մեկնաբանուեցան եօթը պատանի երաժիշտներու կողմէ, բոլորն ալ՝ իրօք խոստմնալից ուժեր, շուրջ 100 արուեստասէրներու ներկայութեան։
Անահիտ Ինջիկիւլեանի ու իր զարմիկին՝ 12ամեայ Անջելիկա Ինջիկիւլեանի կողքին, ելոյթ ունեցան հինգ ոչ-հայ պարման-պարմանուհիներ, որոնք իրենց տաղանդը ցուցադրեցին երգով ու երաժշտական գործիքներով (դաշնակ, սաքսոֆոն, ջութակ)։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Նարէ Ասէեան։ Երիտասարդներուն դաշնակով ընկերացան իրենց ուսուցիչները՝ մաէսթօ Վաղարշակ Օհանեան եւ Նաթալիա Խրապինա։
Փակման խօսքը կատարեցին Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արմէն Մորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ։ Այնուհետեւ, հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ «Բաշալեան» սրահին մէջ։
Ձեռնարկի աւարտին, հաւաքուած էր գրեթէ 13.000 տոլար, իսկ այս յօդուածը գրելու պահուն, գումարը արդէն բարձրացած է 15.000 տոլարի։ Հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 Հոկտեմբեր։ Նուիրատուութիւն ընել փափաքողները կրնան օգտագործել հետեւեալ կապը՝ https://www.paypal.com/donate/?cmd=_s-xclick&hosted_button_id=DL9J7YXKXM9EW։ Ամբողջ եկամուտը հասարապէս պիտի բաժնուի կարիքաւոր լիբանանահայ ընտանիքներու օգնութեան եւ Նիւ Եորքի համալսարանի կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան ծրագրին ի նպաստ։