ՏԱԼՈՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հոկտեմբեր ամիսը լրիւ Հայ մշակոյթի նուիրուած ըլլալով, անգամ մը եւս կ՛ուզեմ անդրադառնալ Հայ գրականութեան հարուստ ժառանգին, որ կ՛ընդգրկէ հոյակապ գանձ մը արժէքներու, բարոյականութեան եւ առաքինութեանց։ Այսօր կ՛ուզեմ վեր առնել անցեալ դարու մեր բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեանը, որ յարաբերաբար Միսաք Մեծարենցին, որուն մասին խօսեցայ նախորդ շաբաթ, բախտաւոր եղաւ վայելելով կեանքի երկար տարիներ, զորս բեղմնաւորեց գրական հարուստ ժառանգութեամբ։
Վահան Թէքէեան ամբողջ սերունդներու աշակերտներ ներշնչած է իր հոգեթով բանաստեղծութիւններով՝ նուիրուած Հայ Եկեղեցւոյ, Հայ ոգիին, եւ այլ նիւթերու։ Այսօր, կ՛ուզեմ մասնաւորել «Հաշուեյարդար» ոտանաւորը, որ ինքնաքննութեան հոյակապ հրաւէր մըն է։
«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց. … Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան. ինչ որ տարաւ Սէրն ինձմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած, տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…»։
Որքան ալ վերացական հնչեն այս բառերը, այնուամենայնիւ հեղինակը ապրուած կեանքի մը փորձառութիւնը կը բաժնէ մեր հետ, որ պարուրուած է Քրիստոնէական հաւատքի հարազատ՝ հոգատարութեան ոգիով։ Արդարեւ, երբ մեր ունեցածէն տանք անոնց, որոնցմէ երբեք չենք ակնկալեր փոխարժէքը, զարմանալի կերպով ատիկա կը դառնայ մեր մնայուն, անկորնչելի ժառանգը, որ կ՛անդրանցնի ժամանակ եւ տարածք եւ Աստուծոյ Դատաստանի օրը մեր կողքին կը կանգնի առ ի վկայութիւն մեր բարեգործութեան։
Այս առթիւ, ուրախ եմ յայտնելու, որ բոլորիդ մասնակցութեամբ Լիբանանի Օգնութեան Ֆոնտը հասած է 80,525 տոլարի։
Թող Բարերար Տէրը առողջութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն պարգեւէ ամէնքիս, որպէսզի տալու առաքինութեամբ մնայուն կերպով բազմապատիկը ունենալու երջանկութիւնը վայելենք։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ