ՄԵՍԻԱՅԻՆ՝ ՕԾԵԱԼԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 17 Հոկտեմբեր, 2021)
Այսօր Սուրբ Խաչի Վերացման վեցերորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Ղկ 4. 16-23։ Շաբաթ օր մը, մեր Տէրը երբ Նազարէթ կը գտնուէր, համաձայն Տէրունական օրէնսդրութեան սինակոկ-ժողովարան կ՚երթայ մասնակցելու աղօթական կեանքին։ Երբ իրմէ կը խնդրուի օրուան ընթերցումը կատարել Եսայի մարգարէէն, Ան կը բանայ եւ կ՛ընթեռնու հետեւեալ հատուածը․ «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին»: Ապա գոցելով գիրքը կ՚ըսէ. «Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ» (Ես 61:1-3)։
Այս ընթերցումը, որքան ալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան էութիւնը կը կազմէ, քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու առաքելութեան կորիզը կը կազմէ։ Ուստի, հետեւեալ մտածումները կ՚ուզեմ բաժնել։
Ա․ «Տիրոջ Հոգին վրաս է որովհետեւ զիս օծեց»։ Մարգարէական այս տեսլականը Մեսիայի առնչութեամբ, ծանօթ էր ե՛ւ ժողովարանի ղեկավարներուն ե՛ւ ժողովուրդին ։ Հին Կտակարանի ամբողջ տարածքին, Օծումը ըմբռնուած է որպէս արտաքին նշան Աստուծոյ հաճութեան՝ անոնց հանդէպ որոնք կը կոչուէին ծառայելու Տիրոջ։ Ելից գրքին մէջ կը կարդանք թէ Աստուած կը պատուիրէ Մովսէսին ու կ՚ըսէ․ «Ահարոնը եւ իր զաւակները պիտի օծես, որպէսզի կարենան ինծի ծառայել որպէս քահանաներ» (Ելք 30.30)։ Սամուէլ, նախքան Սաւուղը թագաւոր հռչակելը, սրուակ մը իւղ առնելով անոր գլխուն վրայ թափեց եւ համբուրելով զինք, ըսաւ Տէրը օծեց քեզ որպէս առաջնորդ իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին։ Պիտի իշխես Տիրոջ ժողովուրդին վրայ եւ շրջապատի բոլոր թշնամիներու ձեռքէն պիտի զատես» (Ա Թգ 10.1)։ Եսայի մարգարէն Մեսիային՝ Օծեալին մասին մարգարէացաւ, որ ան պիտի ազատէր իր ժողովուրդը օտարի լուծէն եւ վերահաստատէր Դաւիթ Թսագաւորի իշխանութիւնը։ Ուստի, երբ Յիսուս կարդաց այս հատուածը եւ եզրակացուց, թէ «այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ», ներկաները թէեւ չըմբռնեցին թէ Քրսիտոս ի՛նչ բանի կ՚ակնարկէր, բայց եւ այնպէս , մարդկային հայեցողութեամբ անոնք վկաները եղան դարաւոր ակնկալութեանց աստիճանական իրականացման։
բ․ Ճիշդ է, որ այս մարգարէութիւնը ակնարկութիւն է Մեսիային, սակայն պէտք է միշտ ի մտի ունենանք որ անոր պարունակութիւնը բոլոր դարերու հաւատացեալներուն կը վերաբերի։ Մկրտութեամբ բոլորս ալ վերստին ծնած ըլլալով սուրբ Աւազանէն, սուրբ Միւռօնով կ՚օծուինք, որ կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգիին շնորհքի ստացումը։ Ապա Քրիստոսի անունը կրելով կը կոչուինք Քրիստոնեայ։ Հետեւաբար, Քրիստոսի նման գիտակից պէտք է ըլլանք, որ Սուրբ Հոգին մեր վրան է, եւ որպէս այնպիսին պէտք է քալենք Սուրբ Հոգիին մէջ եւ նորոգուինք Իր պարգեւած շնորհքով։
գ․ «Եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու»։ Երբ վայելենք Սուրբ Հոգիին պարգեւը, պէտք չէ եսասիրաբար շարժինք մեր անձին վերապահելով Անոր բարիքները։ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը յառաջացնէ ուժականութիւն մը, առաջնորդելով մեզ առաքելութեան՝ դէպի աշխարհ։ Անկախ ցեղային, սեռային, տարիքի, գոյնի ու պաշտօններու հրամայականէն, բոլորս ալ հրաւուիրուած ենք ծառայելու աշխարհի մէջ։ Որպէս օծեալներ, ամէնուս յանձնարարուած է ընթանալ Օծեալին հետքերով՝ բարի լուրը տարածելու բոլոր անոնց որոնք աղքատացած ու զրկուած են Աստուծոյ շնորհքէն։ Բոլորս ալ կոչուած ենք Սուրբ Հոգիի պտուղով (Գղ 5.22 ) ազնուութեամբ հասկնալու այլոց մտահոգութիւններն ու անձկութիւնները եւ զանոնք ազատագրելու զիրենք ճնշող բեռէն։ Որպէս Սուրբ Հոգւոյն անօթներ, Անոր զօրութեամբ կոչուած ենք բանալու աչքերը անոնց որ կոյր են մարմնով, մտքով ու հոգիով։
դ․ «Հասած է ժամանակը Տիրոջ շնորհքի տարին հռչակելու»։ Որպէս Տիրոջ օծեալներ, մեր առաջնահերթ պարտականութիւնն է հռչակել Աստուծոյ գերագոյն շնորհքը որ Խաչին վրայ յայտնաբերուեցաւ, եւ որ կը տարածուի մինչեւ յաւիտեանները։ Երբ մեծ բարիք մը ընդունինք անձէ մը, ինչպիսի՛ երախտագիտութեասմբ կը լեցուինք անոր հանդէպ։ Իսկ ի՜նչ խօսք երբ Արարիչը մեր ամբոջ կեանքի ընթացքը ձեւաւորող մնայուն նուէր կը պարգեւէ, եւ աւելին՝ յաւիտենաական կեանքը կ՛ապահովէ մեզի։ Ինչպէս որ երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը (Սղ 19.1), մենք եւս անդադար օրհնաբանենք Տէրը, մենք՝ Սուրբ Հոգիով օծեալներս, անդադար պարտինք փառաւորել ամենայն բարեաց աղբիւրը, ինչպէս որ Կիրակի առաւօտները կ՛երգենք Եզեկիա թագաւորին աղօթքը Իւղաբերից Աւետարանի ընթերցումէն ետք․ «Պիտի չդադրիմ փառաւորել Քեզ, Փրկիչ, կեանքիս բոլոր օրերուն» (Ես 38:20)։
Անզուգական այս պատուէրով առաջնորդուած, թէ Սուրբ Հոգին կրող եւ Անով օծուած անձեր ենք, մեր ամէնօրեայ սնունդը ստանանք Աստուածաշունչ մատեանը կարդալով, որպէսզի Օծողին պարգեւով նորոգուինք, որ կը զօրացնէ մեզ նաւարկելու այս փոթորկոտ կեանքին մէջ, եւ արժանի ըլլանք խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու, որ պատրաստուած է Աստուծոյ կողմէ, որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ։ Ամէն։