Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ՝ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԳԻՒՏԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 24 Հոկտեմբեր, 2021)

Այսօր՝ Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի եօթներորդ Կիրակին, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Խաչի գիւտի տօնն է, հիմնուած պատմական դէպքի մը։ 327 թուականին Կոստանդիանոս կայսեր մայրը՝ Հեղինէ, ուխտագնացութեան կ՛երթայ Երուսաղէմ, միակ նպատակ ունենալով Քրիստոսի անյայտ մնացած Խաչափայտը երեւան բերել։ Երկար հարցաքննութիւններէ  ու պեղումներէ ետք կը գտնուի  փնտռուածը, եւ հրաշքով մը կը հաստատուի Խաչափայտին հարազատութիւնը, որուն վրայ Ամենասուրբին փրկարար արիւնը հոսած էր։

Եկեղեցւոյ հայրերը սուրբ Խաչը յարգած են, միշտ նկատի ունենալով զայն Փրկագործութեան Խորհուրդին շրջագծէն ներս։ Առ այդ, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ։

ա․ Սուրբ Խաչի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ չորս անգամ, իսկ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ երեք անգամ նշուելով, հաւատքի յստակ պատգամ մը կը փոխանցուի բոլորիս՝ թէ Խաչը որքան որ Աստուծոյ անհուն սիրոյն արտայայտութեան նշանն է, նոյնքան եւ յիշեցումն է մեր անկեալ բնութեան ահաւոր տառապանքին։ Եթէ կարելի ըլլար չափել երկրաւոր մեր կեանքը, որ կը սկսի մայրական արգանդէն եւ կ՛երկարի մինչեւ հողի արգանդը, տառապանքը բոլոր մակարդակներու վրայ՝ մարմնական, զգացական, մտային ու հոգեկան, աւելի գերակշիռ է քան հաճոյքն ու ուրախութիւնը։ Այսուհանդերձ, դրական ոգի կը ներշնչէ մեզի այն իրողութիւնը, թէ ձորը որքան խոր ըլլայ, նոյնքան գագաթը բարձր կ՛ըլլայ, ըստ այնմ՝ որքան անդրադառնանք մեր մեղքի ահաւորութեան, մեր թերացումներուն՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն անհնազանդութեան պատճառաւ, նոյնքան եւ վկան կ՛ըլլանք Աստուծոյ հոգատարութեան եւ անսահմանութեան, Խաչի մահով Իր Միածնին հնազանդութեան ընդմէջէն։ Արդարեւ, Խաչը միացման այն կէտն է, ուր անառակ որդին՝ մարդկութիւնը, եւ երկնաւոր Հայրը կը գիրկընդխառնուին իրարու հետ։

բ․ Գիւտ Խաչի տօնը միայն անցեալի դէպքի մը ոգեկոչումը չէ, որ տեղի ունեցաւ 17  դար առաջ, այլ նաեւ ներկայի մեր կեանքը անով ըմբռնելու եւ վերարժեւորելու առիթ մը։ Հեղինէ կայսերամայրը տաժանագին ճամբորդութիւն մը յանձն առաւ գտնելու համար Խաչափայտը՝ աստուածային սրբազան առաքելութեան շօշափելի նշանը։ Որպէս երկրաւոր արարածներ, իւրաքանչիւրս ունինք իրագործելի մեր անձնական երազները՝ լաւագոյն ուսում, յաջող ասպարէզ, երջանիկ ընտանիք, վստահելի ընկերային շրջանակ եւ աւելին ունենալ։ Այս ամէնքը հետապնդելը քաջալերելի է, որովհետեւ ստեղծագործութիւնը ի սկզբանէ բարի է, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ կենսական նպատակ մը, որ գոյութենական նկարագիր ունի։ Երկրաւոր կեանքի ամբողջ ընթացքին, երբեւիցէ հետամուտ եղա՞ծ ենք գտնել մեր խաչը, երբ կ՛ունենանք վայելքներ եւ կամ կը դիմագրաւենք դժուարին պայմաններ։ Խաչը փնտռել ու գտնել սոսկ դէպք մը չէ, այլ գերագոյն օրհնութիւն է, որով ո՛չ միայն անուանական, այլ հարազատ զաւակը կ՛ըլլանք Աստուծոյ՝ Միածինին նման դիմագրաւելով կեանքի բոլոր պատահարները՝ քաղցր կամ դառն, ապաւինելով Նախախնամութեան։ Պօղոս Առաքեալի փորձառութեան վկայութիւնը այնքան խօսուն է, երբ կ՛ըսէ․ «Մարդիկ մոլորած թող ըսեն մեզի. մենք գիտենք թէ ճշմարտութենէն չենք շեղած: Թող չուզեն մեզ ճանչնալ. մենք գիտենք թէ մեզ լաւ կը ճանչնան: Թող մեռած սեպեն մեզ. մենք ահա կենդանի ենք: Թող մեզ պատժապարտ համարեն. մենք գիտենք թէ մահուան դատապարտութենէն ազատած ենք: Թող մեր կեանքը տխուր կարծեն. մենք միշտ ուրախ ենք: Աղքատ թող սեպեն. մենք շատերու կեանքերը կը ճոխացնենք: Այո՛, կը թուի թէ ոչինչ ունինք, մինչդեռ ամէն ինչ ունինք» (Բ Կր 6.8-10).

Մեր խաչը գտնելը ո՛չ կը հերոսացնէ մեզ եւ ո՛չ ալ կը նուաստացնէ, այլ կը պարգեւէ  մեզի կեանքի բոլոր վերիվայրումները աստուածային պրիսմակով  դիտելու շնորհքը։ Ընդունելով հանդերձ, որ կեանքի անցուդարձերը տարբեր ուժերու հակակշռին տակ կրնան ըլլալ, այնուամենայնիւ, վստահ կ՛ըլլանք թէ տիեզերքը հակակշռող Գերագոյն Ոյժին հետ կրնանք որեւէ կացութենէ դուրս գալ դրական արդիւնքով, այնպէս ինչպէս ոսկին կրակի բովէն կ՚անցնի։ Այս մասին վկայ են բոլոր դարերու սուրբերը։

գ․ Խաչի գիւտի տօնը մեզ կ՛ուղղէ միակ նպատակակէտի մը՝ գտնել խաչեալ Քրիստոսը, այնպէս ինչպէս կողմնացոյցը առանց բացառութեան կը ցուցանշէ հիւսիսակողմը։ Խաչը ըլլալով սուրբ Սեղանը որուն վրայ պատարագուեցաւ անմեղ Գառն Աստուծոյ, ամէնքս կը հրաւիրէ հաղորդուելու Անոր հետ՝ Աղբիւրը բոլոր բարիքներուն, որպէսզի գտնենք մեր իսկական ինքնութիւնը, նորոգենք մեր ընդհատուած բայց Յիսուս Քրիստոսով վերահաստատուած  յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, շարունակելու մեր առաքելութիւնը որպէս զաւակներն ու գործակիցները Արարիչին  եւ մեր երկնաւոր Հօր հետ։ Ահա թէ ինչու Առաքեալը պարծանքով կ՛ըսէ․ «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա Կր 1.18)։

Գտած ըլլալով Սուրբ Խաչին վրայ յայտնաբերուած անսպառ ու յաւերժական ուժանիւթի Աղբիւրը, որ կը բաշխէ «Կեանք, Յոյս Յարութեան, Քաւութիւն եւ Թողութիւն մեղաց», ինչպէս Պատարագիչը կ՛աղօթէ բարձրաձայն, նախքան Սուրբ Հաղորդութիւն բաշխելը, եւ խոստովանելով «Միայն սուրբ, միայն Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս»ը,  երախտագիտութեամբ ու ցնծութեամբ մեր սրտերուն մէջ խոնարհելով, խաչակնքենք զմեզ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։