Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն)։ Սրբազան Հայրը քարոզեց Գիւտ Խաչի տօնի մասին (տե՛ս ստորեւ), քաջալերելով հաւատացեալները, որ իւրաքանչիւր ոք կեանքի իր խաչը գտնելով՝ իր գոյութեան իմաստը եւ երկրաւոր առաքելութիւնը առաւել պայծառութեամբ ընկալէ ու գործէ։

Արարողութենէն ետք որպէս մեծ ընտանիք, հաւաքական լուսապատկեր առնուեցաւ։ Սրբազան Հայրը խորհրդանշական կերպով իր գիրկը առաւ կրտսերագոյն երեխան՝ Վանը, փայփայելով համայնքին ապագայ յուսադրիչ տեսլականը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 83ամեայ տօնախմբութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց համայնքային գործակցութիւնը, մանաւանդ համավարակի ընթացքին, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Տարօն Ա. Քահանայ Ստեփանեանի։ Մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու, չափահասերու եւ տարեցներու մասնակցութիւնը նկատեց ամենէն յուսադրիչ երեւոյթը գաղութի կենսունակութեան։ Այս առթիւ, պարգեւատրուեցաւ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Վահան Մահտեսեան։

Գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ եւ ձեռնարկը փակուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի արտահաս հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քահանայ Սահակեանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։

Ձեռնարկէն ետք, Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հովիւին հետ, այցելութիւն տուաւ 100ամեայ հաւատաւոր ծխական՝ տիկ. Ռոզ Պուչաքլեանին, Lakeshore Siena խնամատարութեան կեդրոնին մէջ, եւ բժշկութեան յատուկ աղօթք մը ըրաւ։