ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Քանի մը շաբաթ առաջ, Նիւ Եորք քաղաքի մէջ բարեկամի մը այցելելէ ետք, օգտուելով ոսկի աշնան բացառիկ օդէն, ինքնաշարժի փոխարէն նախընտրեցի քալել որպէս մարզանք, միաժամանակ տեսնելու կեանքի վերաշխուժացումը քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Նախքան երթեւեկի լոյսը կարմիրի փոխուիլը, հազիւ փողոցին միւս կողմը անցած էի, մայթին վրայ սայլակառքի մէջ անդամալոյծ մը մօտենալով ըսաւ․ «Հայր, վեթերան մըն եմ, կրնա՞ս մանրուք դրամ տալ ինծի»։
Առաջին հերթին այնքան գէշ զգացի, մտածելով որ ի՞նչ պայմաններու տակ հայրենիքի այս նուիրեալը զրկուած է քալելու կարողութենէն։ Ապա հարցուցի իրեն, թէ ի՞նչ պիտի ընէ դրամը։ Պատասխանը եղաւ՝ «ճաշ պիտի գնեմ»։ Դարձեալ հարցուցի․ «Վստա՞հ ես»։ «Այո, վստահ եղիր, Հայր», ըսաւ, եւ ցոյց տուաւ մօտակայ Մըք Տանըլտզի ճաշարան մը, ուրկէ ախորժակը գրգռող բուրմունքներ դուրս կու գային։
Ձեռքս ուսին դնելով, առաջարկեցի միասին ներս երթալ եւ իրեն ըսի, թէ իր սիրած ճաշը ապսպրէ։ Ճաշերու ցուցակին նայելով, վարանումով հարցուց․ «Կրնա՞մ Big Mac Combo Meal առնել», այլ խօսքով՝ միս, տապկուած գետնախնձորով ու զովացուցիչով։ Գլխովս համամտութեան նշան տալով, պատասխանեցի. «Խնդրե՛մ, մի՛ կասկածիր»։
Երբ կը մօտենայինք պաշտօնեային, դառնալով ինծի անգամ մը եւս հարցուց, եթէ կրնայ նաեւ խնձորի անուշեղէն (apple pie) ապսպրել։ «Անշուշտ կրնաս», ըսի, որուն ի պատասխան մեծ ժպիտով մը շնորհակալութիւն յայտնեց։ Վճարելէ ետք գինը, բարի ախորժակ մաղթեցի իրեն, եւ երախտագէտ սիրտ մը թողլով ետիս, դուրս եկայ խանութէն։
Մինչ ճամբաս կը շարունակէի, անբացատրելի ուրախութիւն մը զգացի։ Նոյն անձն էի, բայց ո՛չ` ինչ որ էի նախ քան անդամալոյծին հանդիպիլս։ Երբ տուածս համեմատեցի ստացածիս հետ, տուածս անբաղդատելի էր ստացածիս հետ։ Ինչպէս միշտ, հաւատքս աւելի խորացաւ, որ Աստուծոյ ողորմութիւնը խորհրդաւոր ձեւով կը գործէ։ Ան առատապէս կը բաշխէ իր բարիքները աւելի քան մենք կը հասկնանք կամ կ՛ակնկալենք։
Ուրախ եմ յայտնելու, որ մեր հոգեւոր հովիւներու, հոգաբարձուներու, ծխականներու ու բարեկամներու սրտակցութեամբ Լիբանանահայութեան նուիրահաւաքէն 90.625 տոլար գոյացաւ։
Թող ամենաբարին Աստուած բոլորիս շնորհէ ներքին երջանկութիւն, որ կ՛անդրանցնի ժամանակաւոր բոլոր ուրախութիւնները, որպէսզի օգնութեան հասնինք բոլոր կարօտեալներուն, մանաւանդ Լիբանանահայ մեր տառապեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ