ԶԻՆԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Հայաստանի Զինծառայողներու Ապահովագրական Հիմնադրամի ներկայացուցիչներ Սոնա Բաղդասարեան (նկարին մէջ՝ ձախին) եւ Նարինէ Գալստեան։ Շնորհալի ներկայացուցիչները հանգամանօրէն ներկայացուցին հիմնարկին մատուցած ծառայութիւնը՝ 2017էն ի վեր շուրջ 4500 նահատակ եւ վիրաւորեալ զինուորներու ընտանիքներուն տրամադրելով նիւթական նպաստ։ Իրենց նշանաբանն է ոչ թէ նպաստ բաշխել, այլ հերոսի ընտանիքի արժանապատուութիւնը բարձր պահել։