ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ Թ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Թ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 24:1-13
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 8:49-57
Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ.
– Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը:
Յիսուս ասիկա լսելով, ըսաւ ժողովրդապետին.
– Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի:
Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն: Ներս գտնուողները բոլորն ալ կու լային ու կ’ողբային: Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ:
Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է: Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ.
– Աղջի՛կս, ոտքի՛ ել:
Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանգնեցաւ: Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, մինչ ծնողները ապշահար եղած էին: Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն:
ԹՈՒՂԹ ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:15-33
Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք: Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս: Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են: Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ’ուզէ Տէրը ձեզմէ: Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով:
Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով:
Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք: Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն թող հնազանդին:
Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ, այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց ոեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ: Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ’ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, ինչպէս Քրիստոս կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ իր մարմինը, որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն: Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է. «Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի: Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը: