ԱՄԵՆԱԲԱՐԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 31 Հոկտեմբեր, 2021)
Այսօր՝ Սուրբ Խաչի Վերացման ութերորդ շաբաթը, Աւետարանի մեր ընթերցումը Ղկ 8.17-21 է։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, օր մը երբ կը քարոզէր, իր մայրն ու եղբայրները եւս կ՛ուզեն ունկնդրել իր խօսքը, բայց բազմութեան պատճառաւ չեն կրնար մօտենալ։ Երբ Իրեն կը յայտնուի, որ մայրն ու եղբայրները կ՛ուզեն զինք տեսնել, Ան կը պատասխանէ․ «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը կատարեն»։
Այս հատուածին մէջ ո՛չ մէկ հրաշք կամ առակ կը գտնենք, բայց եւ այնպէս, ամփոփ ըլլալով հանդերձ, ան կարեւոր պատգամ մը կը պարունակէ բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։ Ուստի փորձենք մեր Տիրոջ կողմէ հրամցուած հոգեւոր մարգարիտը վայելել։
ա․ Մեր Տիրոջ եղբայրներու ակնարկը բաւական մելան հոսեցուցած է, վիճաբանութեան նիւթ դառնալով Առաքելական (Ուղղափառ ու Կաթողիկէ) եւ Բողոքական եկեղեցիներու միջեւ։ Առաքելական եկեղեցիներու համար Աստուածամօր մնայուն կուսութիւնը՝ նոյնիսկ ծննդաբերութենէ ետք, անառարկելի է, շարականագրին բառերով՝ «կոյս եւ մնաց յետ ծննդեան»։ Գոյութիւն ունի նաեւ աւանդութիւն մը, որ Յովսէփ այրի մնացած ըլլալով, անոնք իր առաջին ամուսնութեան զաւակներն էին։ Յամենայն դէպս, երկու մօտեցումներու հասարակաց կարեւոր կէտը այն է, թէ Սուրբ Մարիամ կոյս էր, ինչպէս Եսայի մարգարէացած էր (Ես 7.14), երբ ծնունդ տուաւ իր միակ զաւկին։
բ․ Առաջին տպաւորութեամբ, մեր Տիրոջ պատասխանը քիչ մը անբնական կը հնչէ։ Արդեօք կը փորձէր զինք մեկուսացնե՞լ անոնցմէ եւ կամ կ՛անտեսէ՞ր զանոնք։ Զոյգ բացտտրութիւններն ալ բացարձակապէս անհիմն են։ Արդարեւ, գիտենք որ մեր Փրկիչը նախքան Իր հոգին աւանդելը Հօր ձեռքերուն մէջ, երկրաւոր կեանքի վերջին մտածումը մօր մասին էր։ Ահա թէ ինչու Ան Խաչի կողքին կանգնած իր սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսին, ըսաւ. «Ահա քու մայրդ» (Յհ 19.27)։
գ․ Յիսուս Իր մօր եւ եղբայրներու այս ակնարկով հիմնական պատգամ մը կու տար բոլոր դարերու հաւատացեալներուն, թէ որքան որ կարեւոր է կենսաբանական կապակցութիւնը, որ կը կազմէ հիմքը ընտանիքին, որպէս Աստուծոյ զաւակները պէտք է անդրանցնինք ընտանիքի նիւթական եւ նեղ այս հասկացողութիւնը, եւ կարենանք ըմբռնել անոր տիեզերական անհունութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, խիստ արժէքաւոր է վերյիշել Քրիստոսի խօսքը՝ ուղղուած Նիկոդեմոսին, թէ «մարմինէն ծնածը մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.6)։ Այլ խօսքով, մայրական արգանդէն ծնելով որպէս մարմին, մաս կը կազմենք կենսաբանական ընտանիքի մը, իսկ երբ ծնինք Սուրբ Հոգիէն, անդամ կը դառնանք Աստուծոյ հոգեւոր ընտանիքին, որ աւելի տիեզերական բնոյթ ունի։
դ․ Ուստի, բոլոր անոնք որոնք կը ծնին Սուրբ Հոգիէն, լսելով Աստուծոյ խօսքը, հիմնական քայլը առած կ՛ըլլան, զԱստուած իրենց կեանքին մէջ հրաւիրելով, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ եւս կը շեշտէ, թէ «հաւատքը ծնունդ կ’առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ’արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին» (Հռ 10.17)։ Աստուծոյ խօսքը լսելը միշտ կը հարստացնէ ու կը լուսաւորէ մեզ, ինչպէս Եսայի մարգարէն կ՛ըսէ․ «Ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կը նստէր, մեծ լոյս տեսաւ»։
ե․ Աստուծոյ խօսքը լսելը որքան որ հիմնական է, նոյնքան եւ կարեւոր է զայն գործադրելը, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց՝ «մայրս եւ եղբայրներս անոնք են որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը կատարեն»։ Կեանքի բոլոր պարագաներուն, առանց բացառութեան, անփոփոխ ճշմարտութիւն է ասիկա։ Լսելը առանց գործադրելու ամուլ կը մնայ, աւելին՝ պատճառ կ՛ըլլայ դատապարտութեան, ինչպէս դարձեալ Քրիստոս տարբեր առիթներով յայտնեց (Մտ 7.24-27; Յհ 12.47)։
Երկնաւոր Հօր կենսատու այս պատուիրանին հասու ըլլալով, որպէս Աստուծոյ գիտակից զաւակները, ուշադրութեամբ լսենք Աստուծոյ Խօսքը, ինչպէս ամէն անգամ Աւետարան կարդալէ առաջ սարկաւագը կ՛ըսէ՝ «պռօսխումէ», ուշադիր մտիկ ընենք։ Միաժամանակ, ուրախութեամբ կատարենք մեր լսածը, որպէսզի արժանի ըլլանք Տէրունական երանաւէտ խօսքին՝ «երանի անոնց որոնք կը լսեն եւ կը գործադրեն Ատուծոյ խօսքը» (Ղկ 11.28), փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։