Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ այս օրերուն Ժընեւ կը գտնուի, կարգ մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցած է։ Այսպէս, Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցած է Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Հարըլտ Արքեպիսկոպոսի հետ: Հանդիպման նպատակն էր քննել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յիշեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ սկսած ժամանակակից ընկերային-բարոյական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպումներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ Պեռնի համալսարանին հետ կարգ մը ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Երեքշաբթի,  2 Նոյեմբերին,  Վեհափառ Հայրապետը ընդունած էր Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Տիրք Լանճը, որուն հետ խորհրդակցած է միջ-եկեղեցական հարցերու եւ մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդին աստուածաբանական երկխօսութիւն սկսելու կարելիութեան մասին:

Նախորդ օրը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունած էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի այցելութիւնը (նկար): Դոկտ. Սաքա Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Ե.Հ.Խ.ի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:

Այս երեք հանդիպումներուն ներկայ էր Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչ՝ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան:

Կիրակի, 31 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. Վեհափառին այցելած էր Սուրիոյ մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչին փոխանորդը՝ Անթուան Լահհամ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է քննարկելու Սուրիոյ պարզած ներքին կացութիւնը եւ երկրին ամբողջական գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատելու կարելիութիւնները, ինչպէս եւ անդրադառնալու սուրիահայ համայնքին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: