ՎԱՐԱԶ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ (մահ՝ 7 Նոյեմբեր, 1995)
Երեւանի շոգեկառքի կայարանի կողքին դիմացը կը գտնուի Երուանդ Քոչարի հանրածանօթ Սասունցի Դաւիթի արձանը։ Մեր ազգային դիւցազնավէպի երկրորդ ձիաւոր արձան մը, նուազ ծանօթ, կը գտնուի Ֆրէզնոյի (Գալիֆորնիա) դատարանի շէնքին դիմացը։
Հեղինակը ամերիկահայ ծանօթ նկարիչ, քանդակագործ եւ գրագէտ Վարազ Սամուէլեանն է։
Բուն անունով Վարազդատ Սամուէլեան, զաւակն էր Մեծ Եղեռնի վերապրողներու եւ ծնած է Երեւան, 24 Ապրիլ, 1917ին։ Երեւանի գեղարուեստա-արդիւնաբերական տեխնիկումէն (այժմ՝ Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլէջ) շրջանաւարտ եղած է 1938ին։
Յաջորդ տարի, զինուորական ծառայութեան կանչուած է խորհրդային բանակին մէջ։ Մասնակցած է Խայքին Կոլի պատերազմին (Մայիս-Սեպտեմբեր 1938), երբ Խորհրդային Միութեան եւ Մոնկոլիոյ զօրքերը ջախջախած են ճափոնցի ներխուժողները, որոնք մտած էին արեւելեան Մոնկոլիա՝ խորհրդային Հեռաւոր Արեւելքի դէմ ապագայ յարձակումներու յենակէտ մը ունենալու համար։
Այնուհետեւ, ղրկուած է արեւմտեան ռազմաճակատը՝ 1941ին գերմանական յարձակման ժամանակ։ Գերի բռնուած է գերմանացիներէն, բայց փախուստ տուած է ռազմագերիներու ճամբարէն եւ միացած է ֆրանսական Դիմադրութեան ուժերուն։ Փարիզ ապրած ժամանակ, Սամուէլեան ուսանած է նշանաւոր նկարիչներու քով, ինչպէս Օթոն Ֆրիէզ, Անտրէ Լոթ եւ Ֆեռնան Լեժէ։
Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, ինչպէս շատ ուրիշ հայ ռազմագերիներ, Խորհրդային Միութիւն վերադառնալէ խուսափած է, որովհետեւ գերմանացիներու ձեռքը ինկած նախկին ռազմագերիները կը գնդակահարուէին կամ Սիպերիա կը ղրկուէին Ստալինի կողմէ։ Եւրոպա մնացած է իբրեւ տեղաշարժուած անձ (displaced person, DP), մինչեւ որ 1946ին յաջողած է Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլ իր աւագ եղբօր հովանաւորութեամբ։ Հաստատուած է Գալիֆորնիա, ուր նախ ապրած է Պըրլինկէյմ՝ միւս եղբօր քով։ Այդ ժամանակ, զբաղած է գեղանկարչութեամբ եւ ցուցանակներու նկարիչ դարձած է։ Գործը յաջողելով, փոխադրուած է Պելմոնթ (Գալիֆորնիա), ուր ճանչցած ու ամուսնացած է իր կնոջ՝ Աննի հետ։ 1957ին, հաստատուած են Ֆրէզնօ՝ Սամուէլեանի ընտանիքին աւելի մօտ ըլլալու։ Հոն, արուեստագէտը, որ այլեւս Վարազ ստորագրած է, շարունակած է նկարել, սկսած է գրել ու բազմաթիւ արձաններ քանդակել։
Վարազի գնահատումով, իր գեղարուեստական ասպարէզին ընթացքին շուրջ 1000 գործ ստեղծած է՝ տարբեր ձեւերով՝ մատիտանկարէն մինչեւ քարէ արձանը։ Սասունցի Դաւիթի արձանի կողքին, արուեստագէտը ծանօթ է Ուիլիըմ Սարոյեանի դիմաքանդակով, որ զետեղուած է Ֆրէզնոյի համագումարներու կեդրոնի մուտքին։ Վարազ ու Սարոյեան (նկար) տասնամեակներու մտերիմ բարեկամութիւն ունեցած են։ Ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտը 1965ին անոր նուիրած է «Ո՞վ է Վարազը» նորավէպը։ Սարոյեանի մահէն ետք, Վարազ Սամուէլեան գրած է «Ուիլի եւ ես» անգլերէն յուշագրութիւնը։
Վարազ գրած է նաեւ ուրիշ գործեր, ինչպէս «Հայաստանի եւ իմ կեանքի պատմութիւն մը» (1978), դարձեալ անգլերէն։ Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Փարիզի, Նիսի, Մարսէյլի, Պարսելոնայի, Մեքսիքօ Սիթիի եւ Նիւ Եորքի, ինչպէս եւ Ֆրէզնոյի մէջ։
Այս բեղուն արուեստագէտը մահացած է 7 Նոյեմբեր, 1995ին, Ֆրէզնոյի մէջ։ Իր գործերուն մեծ մասը կտակած է տեղւոյն Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայագիտական ուսմանց ծրագրին։ 2010ին, Արթիկի մէջ (Շիրակի մարզ, Հայաստան) բացուած է Վարազ Սամուէլեանի անուան մշակութային կեդրոնը։ Վեց հազար քառակուսի ոտք շէնքը ունի արուեստի պատկերասրահ, հանդիսասրահ եւ համակարգչային սենեակ։