Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալները

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ պրն. Յարութիւն Իշխանեանի (ձախին), Ալպէրթ Սրկ. Ամաթոյի եւ տոքթ. Արամ Փառնակեանի (աջին), եւ Իշխանեան ընտանիքի անդամներու հետ

Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սուրբ Պատարագ մատոյց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ (Նիակարա Ֆոլզ, Ն․Ե․)։  Սուրբ սեղանին ծառայեցին Ալպէրթ Սարկ. Ամաթօ եւ դպիր տոքթ․ Արամ Փառնակեան։ Օրուան Աւետարանի ընթերցումէն մեկնելով, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ընտանիքի քրիստոնէական ըմբռնումի մասին (տե՛ս ստորեւ) եւ բարձրօրէն գնահատեց ընտանեկան ջերմ յարաբերութեամբ լեցուն եկեղեցւոյ անդամներու փոխ յարաբերութիւնը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի վկայագիր ներկայացուց եկեղեցւոյ բազմավաստակ ատենապետ՝ տիար Յարութիւն Իշխանեանին։ Այնուհետեւ, Տիկնանց Միութիւնը հայկական տոհմիկ ճաշով պատուեց ներկաները։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս դրուատեց գաղութին միասնականութեան ոգին, որով յաղթահարելով համավարակի ստեղծած տագնապին, կը շարունակեն բոլորուիլ եկեղեցւոյ շուրջ, վառ պահելով իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը։

«Պահպանիչ» աղօթքով տօնական մթնոլորտ կրող օրը հասաւ իր աւարտին։