Մեր դպրոցներէն

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԻՍՏԸ

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի նախաձեռնած կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստութեան առցանց ծրագրի երկրորդ նիստը։  Կը մասնակցէին 26 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ։ Աղօթքով բացումը կատարեց Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։ Ծրագրի չորս նիստեր նուիրուած պիտի ըլլան եկեղեցւոյ հետ կապուած հարցերու, իսկ միւս չորսը՝ մանկավարժական ձիրքերու զարգացման։

Երկուշաբթի տեղի ունեցած մանկավարժական նիստին, ելոյթ ունեցաւ տիկ. Նուէր Օրանճեան-Պապաճանեան, որ կրթական հոգեբանութեան մագիստրոսի տիտղոս ունի եւ կը դասախօսէ Քուինզ Գոլէճի եւ Հանթըր Գոլէճի (Նիւ Եորք), ինչպէս եւ Ֆլորիտայի Institute of Technologyի մէջ։

Տիկ. Նուէր ներկայացուց նպատակներ շարադրելու գլխաւոր սկզբունքները։ Տեսական ներածութենէ մը ետք, ան քննարկեց ուսումնական յատուկ նպատակներ շարադրելու հիմնական տարրերը։ Նիստի աւարտին, մասնակիցները՝ փոքր խումբերու բաժնուելով, գրի առին ուսումնական նպատակներ՝ իրենց աշակերտներուն տրուելիք դասի մը համար։

Յաջորդ նիստին՝ 6 Դեկտեմբերին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, պիտի խօսի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն մասին։