ՏԱԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԱԿՆԿԱԼԵԼՈՒ
Անցեալ շաբաթ, անձնական կեանքէս դէպք մը բաժնեցի ձեր հետ։ Թէպէտ կ՛ատեմ դարձեալ կրկնել, սակայն նպատակս ուսուցողական է, քան իմ մասիս խօսիլ։ Քսան տարիներ առաջ աննշան պատահար մը խոր հետք ձգեց վրաս՝ լաւագոյնս ըմբռնելու համար տալու էութիւնը։
Դարասկիզբին, երբ ուսումս կը շարունակէի Գոլումպիա համալսարանը, կէսօրները սովորութիւն ունէի այցելել դպրոցին մօտիկ Էմիր անունով լիբանանեան փոքրիկ ճաշարան մը, ուր կարօտով կը վայելէի ֆալաֆէլը, ջաւուրման, համմուսը, մութէպէլը եւ այլ ճաշեր։
Յետմիջօրէ մը, հազիւ փողոցը անցած էի, երբ սեւ պարմանուհի մը մօտենալով ըսաւ. «Հայր, անօթի եմ, կրնա՞ս ինծի մանրուք դրամ տալ»։ Ի՜նչ դժբախտութիւն՝ անօթի ըլլալ եւ աղքատ։ Ե՛ս ալ անօթի էի, բայց բախտաւոր էի որ գրպանս դրամ ունէի, մինչ այս աղջնակը պիտի մուրար՝ ապահովելու համար իր հացը։ Գործնական մտահոգութենէ առաջնորդուած, տարբեր արժէքով թղթադրամները միշտ առանձին գրպաններու մէջ կը պահէի, ուստի երբ մտադիր էր հինգ տոլար տալ, նկատեցի որ գրպանէս դուրս եկաւ քսան տոլարի թղթադրամ։ Մտածեցի որ ասիկա աղջնակին բախտն էր, եւ առանց տատամսելու՝ յանձնեցի իրեն։ Մինչեւ օրս, անջնջելի կը մնայ մտքի պաստառիս վրայ աղջնակին նայուածքը՝ լեցուն զարմանքով եւ ուրախութեամբ, անընդհատ բացագանչելով. «Շնորհակալ եմ հայր, շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ»։ Անմիջապէս ետք, երբ համարեայ պատրաստ էր գրկել զիս, հանդարտեցուցի զինք եւ ըսի. «Աղջիկս, Աստուծոյ շնորհակալ եղիր, եւ դրամը գործածէ միայն ճաշի համար»։ Նախքան ճամբաս շարունակելը, արցունքի շիթեր նկատեցի աչքերուն մէջ․․․
Տարիներ անցած են, բայց երախտապարտ նայուածքը անջնջելի հետք ձգած է վրաս, որով լաւագոյնս հասկցած եմ Պօղոս Առաքեալի խօսքը, թէ «պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ․ աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (Գործք 20.35):
Անձնական այս դէպքը բաժնելով, ինչպէս կանխօրօք յայտնեցի, միակ փափաքս է, որ ամէն ոք իր ճամբով գտնէ այն ուրախութիւնը որ կը զգանք, երբ կու տանք առանց ակնկալելու։
Այս առիթով, ուրախ եմ յայտնելու որ Լիբանանի Զօրակցութեան Ֆոնտը հասաւ 90.825 տոլարի։
Թող Բարեգութն Աստուած առաջնորդէ բոլորս, որպէսզի վայելենք իր անսահման բարիքները, զանոնք բաժնելով կարօտեալներու հետ, մանաւանդ այս օրերուն Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ