Առաջնորդարանէն

ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՏԱԿ ԲԷԳԼԱՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բէգլարեանի այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Տիար Բէգլարեան շրջապտոյտ մը կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամերիկահայ համայնքին ներկայացնելով Արցախի կացութիւնը 2020ի պատերազմէն ետք։

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Յովնանեան» սրահին մէջ, որուն մասնակցեցան Արեւելեան թեմի հոգեւոր հովիւներ, քոյր կազմակերպութիւններու եւ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւը, Holy Family կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւը եւ Save Armenian Monuments, Christians in Need Fund, and Church Militant կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Նախարար Բէգլարեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնեց յուշանուէր մը, որ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Դադիվանքը։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, տիար Բէգլարեան յայտնեց, թէ իր այցելութեան նպատակն է սերտացնել կապերը Սփիւռքի մէջ եւ զայն աւելի մօտէն ներգրաւել Արցախի զարգացման եւ հզօրացման գործընթացքին մէջ։ Նախարարը քննարկեց հանրապետութեան ապագայի հինգ գլխաւոր հիմքերը. ապահովութիւն, տնտեսական կայուն զարգացում, ժողովրդագրական աճ, կրթութիւն եւ լաւ կառավարութիւն։  

Այնուհետեւ, ներկաները զանազան հարցումներ ուղղեցին հիւրին՝ Սփիւռքէն ներդրումներ ապահովելու, ինչպէս եւ սփիւռքահայութեան յաւելեալ մասնակցութեան հեռանկարներու մասին։