Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Ուրբաթ , 5 Նոյեմբերի երեկոյեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 44րդ Շրջանային ներկայացուցչական Ժողովը սկսաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եւ շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի, 7 Նոյեմբերի երեկոյ։

Ուրբաթ երեկոյ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի, ջերմ ողջոյնով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Ժողովի առժամեայ ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեան, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացման աղօթքի, զոր կատարեց հոգեւոր հովիւը։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը՝ կուռ ոճով վեր առնելով ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի ծառայութեան Միշտ Պատրաստ ոգին, մաղթեց որ ներկայ անդամները իրենց հետ տանին այս ժողովէն բխած Հայ Արիի անաղարտ ոգին, վերաշխուժացնելու համար համավարակի պատճառաւ նօսրացած շարքերը, եւ խանդավառութեամբ պատրաստուին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄական մարզական խաղերուն  (2022)  եւ ՀամաՀՄԸՄական սկաուտական բանակումին։

Կիրակի առաւօտ, ժողովականները, ընդհատելով իրենց ընթացիկ նիստը, մասնակցեցան Ս. Պատարագին, ստացան Սուրբ Հաղորդութիւն եւ լսեցին Տ. Նարեկ Քահանայի խրախուսիչ պատգամը՝ հայ քրիստոնեայի արժէքները ապրելու եւ անոնցմով հարստացնելու նաեւ իրենց շրջապատը։