ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ
Կիրակի, 14 Նոյեմբերին, երկու պատանիներ՝ Անահիտ Ինճիկիւլեան եւ Պենճըմին Զասլաւսկի, այցելեցին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին իրենց ծնողներուն հետ։ Երկու պատանիները, որոնք 17 Հոկտեմբերին կազմակերպած էին «Կեանքեր փոխեցէք, աշխարհը փոխեցէք» բարեսիրական համերգը Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Լագիսեանին յանձնեցին համերգին շնորհիւ հաւաքուած գումարը՝ 18.000 տոլարի վճարագրով։
Գումարը պիտի յատկացուի Լիբանանի ու Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներու՝ Ազգ. Առաջնորդարանի միջոցով, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի համալսարանի կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան։
Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց երկու նախաձեռնարկ պատանիներուն, իրենց ծնողներուն, մասնակից երաժիշտներուն ու երգիչներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն։ Ան գնահատագրեր յանձնեց Անահիտին, Պենճըմինին եւ համերգին միւս մասնակիցներուն, միաժամանակ հրաւիրելով բոլորը, որ իրենք զիրենք նկատեն Մայր Եկեղեցւոյ «մշակութային» ծխականներ։