ՍԻՐՏԷ ՍԻՐՏ
Գործք Առաքելոցը եւ Պօղոս Առաքեալի նամակները հարուստ են տարբեր փորձառութիւններով, որոնցմէ մէկն է բարեսիրութիւնը։ Պօղոս Առաքեալ, հոն ուր որ երթար Աւետարանը քարոզելու, միշտ կը պատուիրէր հաւատացեալներուն որ օգնեն կարիքաւոր եկեղեցիներուն, գլխաւորաբար Երուսաղէմի եկեղեցւոյ (Գործք 11.27-30; Ա Կոր 16.1-4, Գաղ 2.10, եւ այլն), եւ այս ձեւով նորակազմ եկեղեցին ուռճացաւ, եկեղեցիներու միջեւ կապը զօրացաւ եւ բարեսիրութիւնը զարգացաւ, ինչ որ Քրիստոնէութեան առանցքը կը կազմէ։
Շատ յաճախ կը տարուինք մտածելու, որ հրաշքներ, բարեպաշտութիւն եւ բարեսիրութիւն անցեալին՝ սուրբ գրային ժամանակաշրջանին պատկանող իրողութիւններ են, որոնք աւա՜ղ, հետզհետէ անհետացած են։
Ճիշդ է, որ փոփոխութիւնը մաս կը կազմէ ստեղծագործութեան, եւ ժամանակի ընթացքին շատ բաներ կը փոխուին, բայց զգո՜յշ, պէտք է գիտնանք որ հիմնական բաներ, ինչպիսիք են հրաշքներ, բարեպաշտութիւն եւ բարեսիրութիւն, եւ այլ առաքինութիւններ, մաս կը կազմեն նաեւ մերօրեայ ընկերութեան։
Առարկայական ըլլալու համար, յայտնեմ, թէ երբ Լիբանանի Օգնութեան Հիմնադրամը սկսանք քանի մը ամիս առաջ, մեր հոգեւոր հովիւներն ու Հոգաբարձութիւնները՝ զօրաշարժի ենթարկելով իրենց ծխականները, գնահատելի գումար ապահովեցին այս ուղղութեամբ. անցեալ ամիս՝ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, անցեալ երկու շաբաթներուն՝ Ուոթըրթաուն-Ջրաւանի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, իսկ այս շաբաթ՝ Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Ահա թէ ինչու այս կարճ ժամանակամիջոցին կարելի եղաւ 112.350 տոլար հանգանակել, որուն հարիւր հազարը արդէն փոխանցեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի միջոցաւ Լիբանանի Թեմին։
Նուիրատուութիւններու այս քաջալերելի ոգին լաւագոյն ապացոյցն է, որ Սուրբ Հոգին, ինչպէս առաջին դարուն, նաեւ այսօր ներկայ է եկեղեցւոյ մէջ եւ կ՛աշխուժացնէ հաւատացեալներու սրտերը, որ հաւատքը գործով արտայայտեն։ Թող ամենայն բարեաց բաշխող Աղբիւրը՝ Սուրբ Լուսաւորիչներու, Նարեկացիներու եւ Շնորհալիներու Աստուածը, բոլորս հարստացնէ մարմնով, մտքով ու հոգիով, որպէսզի ուրախութեամբ կատարենք արտահաս մեր առաքելութիւնը, օգնութեան հասնելով կարիքաւորներու, յատկապէս Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ