Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ԵՒ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

Ձախէն աջ՝ Սանտրա Եղեան, Ճուլիանա Պարսոյեան, Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, Արա Ա. Սրկ. Նալպանտեան, Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան եւ Ներսէս կիսասարկաւագ Տօնոյեան

Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր, Կիրակնամուտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) նորոգուած Մկրտութեան Սուրբ Աւազանին օծումը կատարեց, առընթերակայութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի, աւագ սարկաւագներ Բարշ. Յակոբ Խաչատուրեանի եւ Արա Նալպանտեանի, եւ կիսասարկաւագ Ներսէս Տօնոյեանի։ Ներկայ էին նաեւ բուն աւազանին նուիրատուներու՝ Եղիշէ եւ Պերճուհի Եղեաններու դուստր՝ Սանտրա Եղեան, եւ տարբեր առիթներով զայն նորոգող՝ Սեպուհ Պարսոյեանի դուստր Ճուլիանա Պարսոյեան եւ ընտանիքի մօտիկ այլ անդամներ։

Նոր ձեռնադրուած սարկաւագները Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պիլ տը Լուքայի հետ

Կիրակի, 21 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագը մատոյց Ս.  Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս)։ Յընթացս Ս. Պատարագին, Սրբազան Հայրը սարկաւագ ձեռնադրեց Փիթըր Պետիկեանը եւ Ճան Պէրպէրեանը, խարտաւիլակութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն.  Տէր Խոսրովեանի։ Սրբազան Հայրը, մէջբերելով ձեռնադրութեան աղօթքէն հատուած մը՝ «իրենց անուշահոտ կեանքով եւ առաքինի գործերով խնկեն քու սուրբ եկեղեցիդ», մաղթեց որ կեանքի վերածեն այս հոգեշունչ բառերը, որպէսզի իրենց խօսքերն ու գործերը հաճելի եւ օգտակար ըլլան հաւատացեալներուն, եւ որպէս ընծայ բարձրանան առ Աստուած։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, օծումը կատարուեցաւ Մկրտութեան Սուրբ Սւազանի սրբապատկերին՝ Քրիստոսի Մկրտութիւնը, բարերարութեամբ եկեղեցւոյ շատ մօտիկ բարեկամ՝ նորոգ հանգուցեալ Լու Թազինոյի։  Հանգուցեալը այս նուէրը ըրած էր ի յիշատակ իր զաւկին՝ Քրիստոֆրին, բայց դժբախտաբար ամիս մը առաջ ինք եւս անակնկալ իր մահկանացուն կնքած էր։

Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան եւ Թազինօ ընտանիքի անդամներ

Եկեղեցական  արարողութիւններէն ետք, համայնքին 64րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը  տեղի ունեցաւ ՀայՖիլտ Կոլֆ Քլապի մէջ։ Ամերիկեան եւ ազգային քայլերգներէն ետք, կատարողութեամբ օր․ Թամար Քանարեանի, հանդիսավար Ռիչըրտ Քանարեան բարի գալուստ մաղթեց շուրջ 100 ներկաներուն։ Ապա, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պիլ տը Լուքա, գոհունակութեամբ ներկայացուց եկեղեցւոյ միամեայ գործունէութիւնը, իսկ Տ. Միքայէլ Քահանայ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ծխականներու անսակարկ օժանդակութեամբ  յաջողութեամբ բոլորուած էր բոլորիս ծանօթ դժուարին տարի մը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց այս փոքր սակայն աշխոյժ համայնքի համագործակցութիւնը, մաղթելով որ յառաջիկայ տարի՝ 65ամեակի առիթով, ամէնքն ալ նոր տեսլականով լծուին աշխատանքի։

Ներկաներէն շատերուն առիթ տրուեցաւ գոհաբանական իրենց սրտի խօսքը արտայայտելու այս առթիւ։

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։