Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒՈՂ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող մարտական գործողութիւններուն։

Ատրպէյճանը արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները, ոտնակոխելով միջազգային օրէնքի տուեալները եւ անտեսելով Նոյեմբեր 9-ին կայացած եռակողմ համաձայնութեան պայմանները, կը շարունակէ իր ոճրային արարքները Հայաստանի ինքնիշխան Հանրապետութեան նկատմամբ։

Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող զինուորական յաճախակի ոտնձգութիւնները, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայկական քաջարի բանակին ու հայրենի մեր ժողովուրդին եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային համայնքին անմիջապէս միջամտելու եւ դադրեցնելու Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող զինուորական գործողութիւնները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ կոչ կ՚ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնելու եւ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերելու հայրենիքին եւ հայոց բանակին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կ՚աղօթէ առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր Ս. Աջը անպակաս ընէ մեր ազգին, հայրենիքին ու հայոց բանակին վրայէն։