Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ

Հայկական վարժարանէն ներս լեզուի դասագրքերը, զորս կը գործածէինք, նպատակ ունէին  ո՛չ միայն լեզու սորվեցնել, այլ նաեւ մշակել բարոյական արժէքներ։ Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատերուն ծանօթ է Բենիամին Թաշեանի պատրաստած «Հայկարան»ի շարքը։ Նախակրթարանի տարիներուս պատմութիւն մը կարդացած եմ այդ դասագրքէն որ մինչեւ օրս մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրաս եւ զոր կ՛ուզեմ ձեր հետ բաժնել։

Երկու եղբայրներ տարուան հունձքը երախտագիտութեամբ եւ արդար կերպով կը բաժնեն իրարու միջեւ։ Երէց եղբայրը, գիշեր մը պարկ մը ցորեն շալակին առած, լռելեայն կը տանի եղբօր տուն եւ կը զետեղէ անոր շտեմարանին մէջ։  Յաջորդ առաւօտ, ան զարմանք կը նկատէ, որ պարկերուն թիւը նոյնն էր, ինչ որ էր նախորդ գիշերը։ Յաջորդ օրերուն, ան կը կրկնէ իր ազնուասիրտ արարքը, սակայն զարմանքը աւելի եւ աւելի մեծ կ՛ըլլայ, երբ նոյն կացութեան դէմ կը գտնէ ինքզինք, այլ խօսքով՝ պարկերու թիւը կը մնայ նոյնը առանց պակսելու։

Առանց բացատրել կարենալու, միաժամանակ առանց հրաժարելու իր նպատակադրած որոշումէն, երէց եղբայրը յամառօրէն կը շարունակէ եղբայրասիրական իր արարքը։ Գիշեր մը, կը պատահի որ երբ դարձեալ կ՛ուղղուէր եղբօր տունը, յանկարծ շխրտուք մը կը լսէ։ Զգուշութեամբ կը հետեւի ձայնին կողմը եւ, շնորհիւ լուսնի լոյսին, մարդու մը ուրուագիծը կը նկատէ։ Եւ յանկարծ ո՞վ տեսնէ եթէ ոչ փոքր եղբայրը, որ տոպրակի մը ծանրութեան տակ կքած կը քալէր։

Երբ ան կը հարցնէ եղբօր, թէ ի՞նչ կ՛ընէ հոն, կը լսէ հետեւեալ խոստովանութիւնը. «Եղբայր», կ՛ըսէ ան, «մտածեցի որ դուն ամուսնացած ես, կին ունիս եւ երեխաներ, նաեւ բարեկամներու մեծ շրջանակ, ուստի ուզեցի օգտակար ըլլալ քեզի եւ քանի մը պարկ լռելեայն  տունդ փոխադրել»։ Ի պատասխան, երէց եղբայրը խանդաղատանքով կը խոստովանի. «Եղբա՛յր, ես ալ մտածելով որ դուն ամուրի ես եւ շատ աւելի առիթներ կ՛ունենաս բարեկամներ հիւրասիրելու, ուզեցի լռելեայն քանի մը պարկ շտեոմարանդ փոխադրել»։

Լռութեան մէջ երկու եղբայրները արցունքով կը գիրկընդխառնուին իրարու։ Անոնք աւելի միացած կը զգան իրարու՝ բաժնեկցելով իրենց ունեցածը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, որպէս քաղաքացիները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, այսօր՝ Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, հաւաքուած ընտանեկան յարկին տակ, պիտի նշենք այս ցամաքամասի բնիկներուն հիւրընկալութեան ոգին, որով անոնք իրենց վայելած բարիքները բաժնեցին այդ օրերու նոր եկուորներուն, որոնք դարձան այսօրուան գերպետութեան հիմնադիրները։ Իրա՛ւ որ բաժնեկցելու ոգին հարազատագոյն պտուղն է ճշմարիտ սիրոյ։

Այսօր, Գոհաբանական տօնին ոգիով, հոգաչափ գոհութիւն կը յայտնեմ Ամենակալ Աստուծոյ, որ Լիբանանի Օգնութեան Ֆոնտը հասաւ 123.350 տոլարի։ Ինչպէս անցեալ Հինգշաբթի յայտնեցինք, հարիւր հազարը փոխանցուած է Կաթողիկոսարանի միջոցաւ Լիբանանի Թեմին։ Ամենայն գոհունակութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ մեր հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձուները ժրաջանութեամբ լծուած են այս առաքելութեան, քաջալերելով որ իրենց ծխականները  մասնակցին այս նուիրական արշաւին։ Անցնող շաբաթներուն, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Ջրաւան-Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, իսկ այսօր՝ Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եւ Ուայթընզվիլի (Մէսէչուսեթսի) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին իրենց շօշափելի մասնակցութիւնը բերին այս ուղղութամբ։ Վստահ եմ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն, մեր միւս եկեղեցիները եւս պիտի միանանք այս նախաձեռնութեան։

Բոլորս ալ գոհութիւն յայտնենք Ամենաբարեաց Տուիչ Աստուծոյ, որ կը վայելենք Իր տեսանելի եւ աներեւոյթ բարիքները եւ բախտաւորութիւնը կ՛ունենանք զանոնք բաժնեկցելու կարիքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ