ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԸ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 21 Նոյեմբեր
Այսօր՝ Սուրբ Խաչի Վերացման տօնին տասնմէկերորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Ղկ 11.1-13, որուն կորիզը կը կազմէ բոլոր քրիստոնեաներուն շատ սիրելի աղօթք մը՝ ծանօթ Տէրունական աղօթք անունով։
Այսօր նաեւ տօնն է Աստուածամայր Մարիամի Տաճար ընծայման։ Երբ ան երեք տարեկան էր, իր ծնողաց կողմէ ընծայուած էր տաճարին, ուր ան Սուրբ Հոգիով աճելով պատրաստուեցաւ Աստուածամայր դառնալու սրբազան կոչումին։ Նաեւ, այսօր սկիզբն է Աստուածայայտնութեան տօնին առաջնորդող յիսուն օրերու շրջանին, ծանօթ՝ Յինանց անունով։
Ի՜նչ հոյակապ զուգադիպութիւն՝ մեր հոգեւոր ճաշասեղանին վրայ ունենալ երեք պատուական ճաշեր, որոնք կը սնուցանեն մեր երկրաւոր գոյութիւնը։ Ուստի, շատ ամփոփ կերպով պիտի անդրադառնամ անոնցմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի կերակրենք մեր մարմինը, միտքն ու հոգին եւ աճինք, ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ․ «Մինչեւ բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան. այսինքն՝ մինչեւ հասնինք հաւատքի չափահասութեան, Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան» (Եփ 4.13)։
ա․ Տէրունական աղօթքը` Կենդանի Հացը, արդի հասկացողութեամբ, սնունդին մարմինի մասի վերածուելու ընթացքի կորիզն է, որ մեր մարմնաւոր, մտաւոր ու հոգեւոր բոլոր գործունէութիւնները կը կենսաւորէ։ Արտասանելով ու գործադրելով այս աղօթքի իւրաքանչիւր բառը, կ՛առանձնաշնորհուինք իսկոյն հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ որպէս զաւակներ մեր Երկնաւոր Հօր հետ, Իր անբաւ իմաստութեամբ կը հարստանանք եւ Իր Հոգւոյն զօրութեամբ կ՛ամրանանք։ Այս աղօթքին մէջ կը գտնենք Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ ուղղահայեաց եւ հորիզոնական՝ մեր յարաբերութեանց եւ պարտաւորութեանց հիմքը։ «Մեր ամէնօրեայ հացը տուր մեզի այսօր»ը կը բնութագրէ այս աղօթքին նկարագիրը, որ կենսանիւթի նման կը սնուցանէ մեր ամէնօրեայ էականը, որպէսզի ապրինք, գործենք եւ դիմագրաւենք երեւելի ու աներեւոյթ բոլոր մարտահրաւէրները եւ միշտ դրական տեսլականով յառաջ նայինք։
բ․ Աստուածամայր Մարիամի տաճար ընծայումը լաւագոյն օրինակն է բոլոր ծնողներուն, որպէսզի ամենայն լրջութեամբ ուշադրութիւն դարձնեն իրենց զաւակներուն հոգեւոր աճման ի տղայ տիոց։ Ասիկա չի նշանակեր, թէ ամէնքն ալ մանուկ հասակին պէտք է ընծայուին տաճարին, բայց եւ այնպէս հրամայական պէտք է նկատեն իրենց ծանօթացնել Անծանօթը, որով ժամանակի ընթացքին իրենց աճումով իրե՛նք եւս պիտի ընտելանան Երկնաւոր Հօր, որ մանուկները գրկեց եւ զանոնք որպէս օրինակ ցոյց տուաւ չափահասներուն։
Որքա՜ն քաջալերելի է տեսնել մայրեր, որոնք սուրբ գրային ընթերցումներով իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ սէրը, նաեւ խաչակնքել, մոմ վառել, սաղմոսներ եւ աղօթքներ սորվեցնել, եւն․։ Իմաստութեան շտեմարան՝ Սողոմոն թագաւոր ըսած է. «Կրթէ մանուկը ուղիղ ճամբով, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ չխոտորի անկէ» (Առած 22.6)։ Եւ ո՞րն է ուղիղ ճամբան, եթէ ոչ Ան որ ըսաւ. «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յհ 14.6)։
գ․ Յիսնակի բարեկենդանը մեր հոգեւոր ճամբորդութեան սկիզբը կը նշէ, նման երեք մոգերուն, որպէսզի գտնենք Թագաւորը՝ թագաւորներուն եւ Տէրը՝ տէրերուն, Աղբիւրը կեանքի եւ երջանկութեան, իմաստը եւ սեւեռակէտը մեր գոյութեան։ Մեր ամբողջ մտքով, սրտով ու զօրութեամբ պէտք է յանձնառու ըլլանք այս փնտռտուքին, որ առաջին իսկ առիթով կրնայ չարդարացնել մեր ակնկալութիւնները։ Կրնանք յուսախաբ ըլլալ երբ Անոր հանդիպինք աղքատիկ մսուրի մէջ, սակայն երբ խոնարհաբար ծունկի գանք, ինչպէս Ինք երկինքէն խոնարհեցաւ որպէսզի մեզ բարձրացնէ, այն ատեն միայն կրնանք տօնել մեր փնտռտուքին պսակումը, ինչպէս սաղմոսասացը կ՛ըսէ․ «Ո՜վ Աստուած, ի՛մ Աստուածս, քե՛զ կը փնտռեմ անձկագին, հոգիս ծարաւ է քեզի, մարմինս քեզի՛ կը փափաքի՝ խոպան, ճաթռտած, անջուր մնացած հողի պէս» (Սղ 63.1)։
Որքա՜ն բախտաւոր ենք որ այս բարերար երեք օրհնութեանց առընթեր, կը պատրաստուինք Գոհաբանութեան օրը տօնելու ազգովին։ Յառաջիկայ Հինգշաբթի, երբ պիտի հաւաքուինք շնորհակալութիւն յայտնելու Բարեգութ Տիրոջ Իր բաշխած բոլոր բարիքներուն համար եւ պիտի աղօթենք մեր բոլոր հարազատներուն համար զորս կորսնցուցինք ինչ-ինչ պատճառներով, սրտանց հետամուտ ըլլանք գտնելու գերագոյն բարին մեր անձերուն համար, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ․ «Հետեւաբար, որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.10), որովհետեւ մեր երկնաւոր Հայրը որ ամէն ինչ կը տեսնէ, պիտի վարձատրէ մեզ (Մտ 6.4)։ Ուստի, գոհաբանութեամբ փառաւորենք ամենայն բարեաց Տուիչ՝ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։