Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 28 Նոյեմբեր, 2021

Այսօր, Յիսնակի առաջին Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Ղուկաս Աւետարանիչէն (12.13-31), որ ուսուցումով հարուստ հատուած մըն է եւ որմէ կ՛ուզեմ առանձնացնել առակը հարուստ մարդու մը, որ իր հարստութիւնը ցկեանս կ՛ուզէ վայելել: Երկնային ազդարարութիւն մը իր անխոհեմ քայլը կը դատապարտէ, ըսելով. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր հոգիդ իսկ քեզմէ հոգիդ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»: Յիսուս ապա կ՛եզրակացնէ. «Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու»։

Այս ընթերցումէն կ՛ուզեմ բաժնել հետեւեալ կէտերը, որոնք այժմէական ու գործնական են բոլոր դարերու հաւատացեալներուն համար:

ա. Հարուստ մարդու խանդավառ ծրագիրը՝ առատ բերք ունենալուն առթիւ, մարդկային ըմբռնումով բնական քայլ է, զայն նկատելով աստուածային օրհնութիւն: Յաջողութեան միշտ հետեւած է բարգաւաճութիւն, որ հասկցուած է որպէս բարւոք տնտեսում, եւ որ ընկերութեան կողմէ միշտ գնահատուած է: Որպէս այդպիսին, հարուստ մարդուն իր շտեմարանը ընդարձակելը բաւականին բնականոն կարելի է համարել, եւ հասարակաց բոլոր անոնց համար, որոնք բախտաւորութիւնը կ՛ունենան իրենց արդար վաստակին բազմապատիկ արդիւնքը վայելել:

բ. Բարգաւաճութիւնը՝ անձնական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ, ծնունդ կու տայ հանգստաւէտ կեանքի, որ երկրաւոր ընկերութեան գլխաւոր նպատակներէն մին է: Աստուածաշունչ մատեանէն կը սորվինք, որ Աստուած իր ստեղծագործութիւնը պսակեց մարդու ստեղծումով, որ հանգիստ ու երջանիկ կեանք ապրելու կոչուած էր Եդեմին մէջ: Դժբախտաբար, անտեսելով Արարչին պատուէրը եւ հետեւելով Չարի խրատին, «մարդը որ ի պատուի էր, չիմացաւ իր պատիւը եւ հաւասարեցաւ անբան կենդանիներու» (Սղ 48.21): Դժբախտաբար,  նախահօր Անկումին հետեւանքով, մարդկութիւնը կորսնցուց իրեն պարգեւուած անփոխարինելի առանձնաշնորհումը եւ «դատապարտուեցաւ ծանր աշխատանքով իր օրապահիկը ապահովել» (Ծն 3.14):

գ. Արարիչն Աստուած կը փափաքի որ ստեղծագործութեան բարիքները լիովին վայելենք, սակայն ինչ որ հաճելի չէ Իրեն անձնասիրութիւնն է, զոր կը տեսնենք այս առակին մէջ: Վստահ ենք որ հարուստը իր բարիքները պիտի վայելէր իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ, սակայն իր մտածումը, թէ «բազմաթիւ տարիներու համար բարիքներ շտեմարանած ես, հանգիստ ըրէ, կե՛ր,  խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր» յստակ կերպով կը մատնանշէր անձնակեդրոն կեանք մը, առանց բաժին հանելու չքաւորներուն: Որպէս երկրաւորներ, որ առանց նախապայմանի կը վայելենք ստեղծագործութեան անհատնում բարիքները, հրաւիրուած ենք շնորհակալ ըլլալու Արարիչին՝ նմանելով Իրեն, որ ըսաւ՝ «ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ զոհ» (Ովսէ 6.6): Սողոմոն Իմաստուն եւս կը պատգամէ մեզի, թէ «բարի անունը նախընտրելի է քան հարստութիւնը, եւ սիրազեղ ազնուութիւնը աւելի լաւ է քան արծաթն ու ոսկին» (Առ 22.1-2):

դ. Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նոր տարածք մը կը բանայ  հարստութեան իմացումին մէջ: Ան կը հրաւիրէ մեզ բոլորս ըլլալու ճշմարիտ հարուստներ ո՛չ մարդկային ըմբռնումով, այլ՝ Աստուծոյ: Այս ուղղութեամբ, իրաւ է առածը որ կ՛ըսէ, թէ՝ «պատանքը գրպան չունի»: Արդարեւ, ստեղծագործութենէն ի վեր չկա՛յ անձ մը որ իր ունեցուածքը գերեզմանէն անդին տարած ըլլայ: Յիսուս, առանց որեւէ ակնկալութեան, մեզի կը սորվեցնէ անկորնչելի եւ յաւերժական ներդրում կատարել երկնքի մէջ, «ուր ո՛չ գողը կրնայ մօտենալ եւ ո՛չ ալ ցեցը ապականել» (Ղկ 12.33): Ինչ որ բաժնենք  չքաւորներուն, առանց որեւէ ակնկալութեան, զարմանալի կերպով զԱստուած պարտապան կը դարձնենք, որ ուրախութեամբ մեզի պիտի վերադարձնէ տասնապատիկը, երեսնապատիկն ու հարիւրապատիկը յաւերժօրէն:

Դրական այս բարի լուրով ոգեւորուած, շնորհակալ ըլլանք Բարերար Աստուծոյ, որ առանց նկատի ունենալու մեր աղքատ բնութիւնը, կը ցանկայ որ յաւերժաբար հարուստ ըլլանք, եւ փառաւորենք ամենայն բարեաց տուիչ Սուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն: