ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՊՍ. ՏԷՐ-ՄԿՐՏՉԵԱՆ (մահ՝ 2 Դեկտեմբեր, 1915)
Անցեալ դարասկիզբին, եւրոպական կրթութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ սպասարկուներու սերունդ մը ձեռնարկած է անոր հնագոյն պատմութեան հարստութիւնը երեւան հանելու գործին։ Այդ աշխատանքի քիչ ծանօթ երախտաւորներէն եղած է Կարապետ Եպս. Տէր-Մկրտչեան։
Ծնած է 29 Մարտ, 1866ին, Գողթն գավառի (Նախիջեւան) Ցղնա գիւղին մէջ, առեւտրականի մը ընտանիքին մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական, ապա՝ Զաքաթալայի գաւառական դպրոցին մէջ։ 1880-1888ին ուսանած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ Աւարտելէ ետք, դասաւանդած է ճեմարանին մէջ, ուր վարած է մատենադարանապետի պաշտօնը։ 1889ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է ապագայ երկու կաթողիկոսներու՝ Գէորգ Չէօրէքչեանի (Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ.) եւ Գարեգին Յովսէփեանցի (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա.) հետ։
Նոյն թուականին, ապագայ գիտնականը մեկնած է Գերմանիա, շարունակելով իր բարձրագոյն ուսումը Լայփցիկի, Պերլինի եւ Թիւպինկէնի համալսարաններուն մէջ։ Դասաւանդութիւններու հետեւած է նաեւ Սորպոնի (Փարիզ) եւ Մարպուրկի բողոքական աստուածաբանական ճիւղին մէջ։ Ուսումնառութեան տարիներուն, գիտական յօդուածներով աշխատակցած է գերմանական կրօնական հանդէսներու։ 1893ին հրատարակած է գերմաներէն աշխատութիւն մը՝ «Պաւլիկեանները Բիւզանդական կայսրութեան մէջ եւ անոնց ցեղակից աղանդաւորական երեւոյթները Հայաստանի մէջ»։ Ստացած է փիլիսոփայութեան դոկտորի եւ աստուծաբանութեան մագիստրոսի վկայականները, վերադառնալով Ս. Էջմիածին 1894ին, իսկ յաջորդ տարի հրատարակած է գերմաներէն երկրորդ հատոր մը՝ «Թոնդրակեցիները մեր օրերուն»։ 1895ին, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ ստացած վարդապետական աստիճան, կարգուելով տեսուչի օգնական եւ աստուածաբանութեան ու կրօնական առարկաներու ուսուցիչ։
1899ին, Կարապետ վրդ. Տէր-Մկրտչեան նշանակուած է Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ, վարելով այս պաշտօնը մինչեւ 1902։ 1903-1905ին, Երեւանի թեմակալ առաջնորդի փոխանորդ նշանակուած է, եւ միաժամանակ՝ 1902, 1904, 1905-1906 թուականներուն կարճ ժամանակով Մայր Աթոռի «Արարատ» ամսագրի խմբագիր եղած է։
1902-1903ին թուականներուն, Տէր-Մկրտչեանին յանձնարարուած է Աստուածաշունչի նոր հրատարակութեան պատրաստութեան եւ խմբագրութեան աշխատանքը։ Սակայն, 1903ին ռուսական կառավարութեան կողմէ եկեղեցական գոյքի բռնագրաւման եւ Մայր Աթոռի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակի պատճառով գործը հրատարակուած չէ եւ անաւարտ մնացած։ «Ազգային եկեղեցի» (1903) գրքոյկին մէջ, Տէր-Մկրտչեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցած է իր երեք հիմնական գիծերով՝ ազգային բնաւորութեամբ, կրօնական ոգիով եւ հալածական վիճակով։
1904ին, Կարապետ վրդ. Տէր-Մկրտչեան Երևանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերած է կարեւոր հայերէն ձեռագիր մը, որ կը բովանդակէր 2րդ դարու հեղինակ Իրենիոս (Երանոս) Լուկտոնացիի գրութիւնները։ Անոնցմէ առաջինը՝ «Ցոյցք առաքելական քարոզութեան» երկը, մեծ արժէք կը ներկայացնէ այդ դարու քրիստոնէական դաւանաբանութեան համար, եւ անոր յունարէն բնագիրը կորսուած է։ Ան Երուանդ Տէր-Մինասեանի հետ գերմաներէնի թարգմանած այդ երկը, որ գերմաներէն եւ հայերէն զուգադիր բնագրով լոյս տեսած է 1907ին, Լայփցիկի մէջ։ Տէր-Մկրտչեանի եւ Տէր-Մինասեանի ջանքերով, 1908ին նոյն քաղաքին մէջ լոյս տեսած է ուրիշ կորսուած գործի մը՝ Տիմոթէոս Կուզի «Հակաճառութիւն» երկի հայերէն բնագիրը՝ գերմաներէն եւ հայերէն յառաջաբաններով։
1907ին, Տէր-Մկրտչեան ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը, իսկ 1909ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է։ 1907ին, սակայն, խոյս տալով Մայր Աթոռի ապառողջ մթնոլորտէն, զոր ստեղծած էին շարք մը միաբաններու յարուցած խոչընդոտներն ու զրպարտութիւնները, մեկնած է Պաքու, ուր ուսուցչական պաշտօն վարած է ռուսական գիմնազիոնի մէջ։ 1908ին, լոյս ընծայած է «Հայոց եկեղեցու պատմութեան» առաջին հատորը Վաղարշապատի մէջ։ 1908-1912ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնին նշանակուած է։ Նախաձեռնած է Թաւրիզի «Առաւօտ» շաբաթաթերթի (1909-1912) հրատարակութեան, իսկ Պարսկաստանի տարբեր վայրերէ հայթայթած ու Էջմիածնի մատենադարանին ուղարկած է հայկական հին ձեռագիրներ։
1914ին, դարձեալ Երուանդ Տէր-Մինասեանի հետ, հրատարակած է «Կնիք հաւատոյ» դաւանաբանական կարեւոր ժողովածուն, զոր յայտնաբերած էր 1911ին Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ։ Այդ գործին կցուած ընդարձակ ներածութիւնը կարեւոր ուսումնասիրութիւն մըն է Հայ Եկեղեցւոյ 6-7-րդ դարերու պատմութեան, դաւանական դիրքորոշումներուն եւ մատենագրութեան մասին։
Իր գիրքերուն եւ յօդուածներուն մէջ, Կարապետ եպս. Տէր-Մկրտչեան անդրսդարձած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ամենէն կնճռոտ եւ վիճելի քանի մը հարցերուն՝ հայոց մասնակցութիւնը քրիստոնեայ աշխարհի դաւանաբանական վէճերուն, Քաղկեդոնի ժողովի մերժումը, «Գիրք թղթոց» ժողովածուն գրուելու շարժառիթներուն, եւ այլն։ Պաշտպանած ու հիմնաւորած է այսօր արդէն լիովին ընդունուած այն տեսակէտը, թէ Հայ Եկեղեցին Քաղկեդոնի ժողովին հանդէպ իր բացասական դիրքորոշումը յստակացուցած է 5րդ դարու վերջին քառորդին՝ Յովհաննէս Ա. Մանդակունի կաթողիկոսի օրով։
1914-1915ին, Շամախիի հայոց թեմի առաջնորդ եղած է։ Իր պաշտօնավարութեան ընթացին, Կարապետ եպս. Տէր-Մկրտչեան վախճանած է 2 Դեկտեմբեր, 1915ին, Պաքուի մէջ, 49 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Պաքուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Խորհրդային շրջանին միակ կանգուն մնացած եկեղեցին էր ասիկա, զոր ատրպէյճանական վայրագութիւնը այրած է 1989ին, իսկ այսօր կիսաւեր վիճակի մէջ կը մնայ իբրեւ պետական «մշակութասիրութեան» խօսուն օրինակ։