ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ (1929-2021)
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղակական Ժողովները ցաւով տեղեկացան, որ Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբերին իր մահկանացուն կնքած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Նիակարա Ֆոլզի, Նիւ Եորք) սիւներէն Յարութիւն Իշխանեան (Գասպարեան), 92 տարեկան հասակին։
Ծնած է Հալէպ (Սուրիա), Գէորգ եւ Հռիփսիմէ Իշխանեաններու ընտանիքին մէջ, 1929ին։ Եղբայրն էր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ հոգելոյս Տ. Արմէն Ա. Քհն. Իշխանեանի։ Ամերիկա եկած է չնչին գումարով եւ առանց բառ մը անգլերէն գիտնալու։ Հաստատուելով Նիակարա Ֆոլզ, հոն հանդիպած է իր ապագայ կնոջ՝ Վալանթին Քիշմոյեանին, եւ ամուսնացած՝ վեց շաբաթ ետք, 1956ին։ Տիկ. Իշխանեան մահացած է 2009ին։
Յարութիւն Իշխանեան ոսկերչութեան ասպարէզ մտած էր 12 տարեկանին եւ երկար տարիներ աշխատած այդ կալուածին մէջ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։ Ան երկարամեայ անդամ էր Նիակարա Ֆոլզի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, որուն դպրաց դասին մէջ երգած է ու երկար տարիներ հոգաբարձութեան ատենապետ եղած։ Վերջերս ստացած էր Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրը, ձեռամբ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, եկեղեցւոյ իր աւելի քան 60ամեայ ծառայութեան համար։
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբերին, Նիակարա Ֆոլզի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ թաղումը՝ Օքվուտ գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ՝ Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի։
Ազգային Առաջնոըդարանի կողմէ, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ Ճորճէթ Օտապաշեան, Գէորգ Իշխանեան (Գասպարեան), Միհրան Իշխանեան (Գասպարեան) եւ տէր եւ տիկ. Էրիք եւ Աննա Պրիւնէլ, եւ թոռներուն ու ծոռներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։