Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՇԱԿԵՐՏԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Երէկ, Շաբաթ 4 Դեկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց իր հիմնադիր եւ առաջին լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։

Վստահ որ զոյգ առաքեալները երբ խանդավառութեամբ կը գործադրէին իրենց Վարդապետին պատուիրանը՝ տարածելով մարդկութեան փրկութեան Բարի Լուրը, իրենց սրտերը պատճառ ունէին նաեւ բացառիկ ուրախութեամբ տրոփելու, որովհետեւ իրենց վիճակուած էր քարոզել այն երկիրը, որ հիւրընկալած էր Նոյեան Տապանը, որ աստուածային տնօրինութեամբ հանդիսացած էր մարդկային ցեղի փրկութեան լաստը եւ ստուերը՝ Փրկագործութեան Խորհուրդին, որ պիտի իրականանար Խաչափայտին վրայ Աստուածորդւոյն սուրբ արեան հեղումով։

Զոյգ առաքեալներուն քարոզութիւնը եւ նահատակութիւնը ամենայն մանրամասնութեամբ կը գտնենք իրենց վարքին մէջ։  Այս առթիւ հետեւեալ երեք մտածումները կ՛ուզեմ վեր առնել։

ա․ Առաքեալները, ընդհանրապէս, Երկնաւոր Վարդապետին իսկութիւնն ու էութիւնը եւ իրենց սահմանուած առաքելութիւնը աւելի ճանչցան ու ըմբռնեցին Անոր Համբարձումէն ետք, քան երբ մարմնապէս երեք տարի գիշեր ու ցերեկ Անոր հետ բաժնեցին իրենց կեանքը։ Սուրբ Հոգիով լեցուելով՝ անհասկնալիութեան քօղը լրիւ վերացաւ եւ իրենք զիրենք աւելի՛ մօտիկ զգացին Անոր քան երբեւիցէ։ Անոր ուսուցումները այնքան թափանցիկ դարձած էին, որ այլեւս կարիքը չունէին որեւէ բացատրութեան, ինչպէս ամէն անգամ կը հարցնէին Անոր, երբ միասին էին (Ղկ 8.9)։

բ․ Առաքեալները ճամբորդեցին եւ անհաւատալի կերպով տարածքներ կտրեցին՝ անապատներ, քաղաքներ, երկիրներ ու ծովեր, ամենայն ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ։ Ոչի՛նչ կրցաւ կասեցնել ու շիջեցնել իրենց Վարդապետին հանդէպ ունեցած անոնց սէրը եւ Բարի Լուրը տարածելու նուիրումը, որ ամէն հասկացողութենէ վեր է։ Առաքեալին խօսքով՝ «համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 8.38-39)։ Թէ ինչպէ՞ս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ իրենց Տէրն ու Վարդապետը լքելով դաւաճանողները անվհատ եւ յախուռն կերպով մարտահրաւէր կարդացին  ամէն տեսակի սպառնալիքներուն, սա Մարդացեալ Աստուծոյ խոստումին պտղաւորումն էր։

Աստուծոյ Կենդանի Խօսքին կողմէ յանձնարարուած եւ Սուրբ Հոգիով կենսաւորուած այս առաքելութիւնը առանձնաշնորհումը չէ միայն տասներկու առաքեալներուն, այլ բոլոր անոնց որոնք վերածնած են յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն։ Անխտիր բոլորս կոչուած ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու այս սրբազան առաքելութեան, որ պայմանաւորուած չէ միայն արտահաս ուղեւորութեամբ,, այլ նաեւ ներքին շրջանակի՝ ընտանիքի անդամներու, բարեկամներու ու դրացիներու քարոզութեամբ, որովհետեւ Կենաց Բանին ծանօթութեան սովը, աւա՜ղ որ տիրական է ամէնուրեք։ Առաքելութիւն մը, երբ ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ զսպանակուի, յաջողութիւնը անպայման կը հետեւի անոր, մարդկային բոլոր արգելքները կ՛անհետանան, վասն զի աստուածային Հովը՝ Սուրբ Հոգին կը փարատէ խաւարին զօրութիւնը։

գ․ Առաքեալները իրենց եղած յանձնարարութիւնը անվախ կերպով գործադրեցին։ Անոնք ո՛չ սպառնալիքներու, ո՛չ հալածանքներու եւ ո՛չ մահուան տեղի տուին։ Անոնք անձա՛մբ վկայեցին իրենց հոգին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ յանձնելու զօրութեան, ի հետեւումն իրենց Խաչեցեալ Վարդապետին, որ նախ քան Իր հոգին աւանդելը, ըսաւ․ «Հա՛յր ձեռքերուդ մէջ կ՛աւանդեմ հոգիս (Ղկ 23.46)։ Անոնք ուրախութեամբ ողջունեցին իրենց նահատակութիւնը, որպէսզի Երկնքի Արքայութեան մէջ դիմաւորուին իրենց սիրեցեալ Վարդապետին կողմէ։ Սուրբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները եւս այս հաւտքով, յոյսով ու սիրով իրենց արեամբ ոռոգեցին գոհաբանութեան ու սիրոյ առաջին զոհասեղան դարձած հողը Արարատեան, որ այնուհետեւ դարձաւ ռահվիրան քրիստոնէական հաւատքին։

Որպէս ոչ միայն անուանակիրները, այլ նաեւ սուրբ ուխտին մասնակիցները մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, բոլորս անխտիր առաքեալներուն նման հրաւիրուած ենք առանց վախի եւ աչառութեան Բարի Լուրը տարածելու։ Հաւանական է, որ ծանր գին վճարենք  այս յանձնարութեան համար, սխալ հասկցուելով, ծաղրուելով եւ նոյնիսկ հալածուելով, ինչ որ դրական նշան է, որ ուղիղ ընթացքի մէջ ենք, ինչպէս մեր Տէրը կանխազգուշացուց (Մտ 5.10-12)։ Այնուամենայնիւ, վստահ ըլլանք որ ի զուր չէ մեր զոհողութիւնը, ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ․ «Միթէ ես մարդիկը սիրաշահելու համա՞ր կ’աշխատիմ: Եթէ մարդիկը սիրաշահելու ետեւէ ըլլայի՝ Քրիստոսի *ծառայ ըլլալէ կը դադրէի» (Գաղ 1.10)։

Ուստի, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաջին Լուսաւորիչներու տօնին առթիւ, որոնց լոյսը բոցավառած էր Աշխարհի Լոյսէն (Յհ 8.12), բոլորս ալ որ լուսաւորուած ենք Լոյսով, որ յայտնուեցաւ Մարդկային ցեղի Օրրանին մէջ Սուրբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու միջոցաւ, ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ անձամբ վայելենք, եւ բաժնենք Բարի Լուրը անոնց հետ որ խաւարի մէջ կը քալեն եւ լուսաւորենք զանոնք, գոհութեամբ փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։

Ամէն։