Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀԵՐՄԱՆ ԿՈԼՑ (մահ՝ 9 Դեկտեմբեր, 2010)

Գերմանացի աւետարանական աստուածաբան ու Արեւելեան Եկեղեցւոյ պատմաբան Հերման Կոլց կարեւոր ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայ Եկեղեցւոյ մասին, ու նաեւ երկարամեայ հետազօտութիւններ ըրած է Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան կարեւոր վկաներէն մէկուն՝ Եոհաննէս Լեփսիուսի կեանքին ու գործին մասին։

Կոլց ծնած է Ապրիլ 1, 1946ին, Կերայի մէջ (Գերմանիոյ կեդրոն)։ Աստուածաբանութիւն ուսանած է 1964-1969ին, Մարթին Լութէր համալսարանին մէջ (Հալէ)։ 1972ին պաշտպանած է իր դոկտորական աւարտաճառը՝ Դիոնիսոս Արիսպագացիի գործերուն նուիրուած նիւթով։ 1975ին ձեռնադրուած է աւետարանական պատուելի։ 1978ին Ռուսաստան կատարած ձեռագիրներու հետազօտութեան ճամբորդութենէ ետք, իր habilitationը (գերմանական յետ դոկտորական որակաւորման քննութիւն) ամբողջացուցած է 1979ին՝ սլաւական հայրաբնական գրականութեան ուսումնասիրութեամբ։ 1982ին հիմնած ու հաստատած է Եոհաննէս Լեփսիուսի արխիւը։

1987ին, Կոլց նշանակուած է Հայտըլպէրկի համալսարանի աստուածաբանական ճիւղի դասախօս, իսկ 1992ին՝ Հալէի համալսարանի աստուածաբանական ճիւղի ուղղափառ եկեղեցիներու ուսմանց դասախօս։ 1988-1993ին, Եւրոպական Եկեղեցիներու Համագումարի (Ժընեւ) ուսմանց բաժանմունքի ղեկավար եղած է։ Գերմանացի եւ հայ գիտնականներու հետ, 1998ին հիմնած է «Մեսրոպ» հայագիտական կեդրոնը, որ Հալէի համալսարանը տեղափոխուած է 2006ին։ Կոլց խմբագիրներէն մէկը եղած է Լեփսիուսի արխիւի փաստաթուղթերուն, որոնք հրատարակուած են երեք հատորներով (1998-2004)։

Գերմանացի գիտնականը հետազօտած, դասաւանդած ու գրած է ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանութեան, արուեստի եւ մշակոյթի մասին, յատկապէս յոյն եւ սլաւական ուղղափառութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին։ Հայագէտ Արմենուհի Տրոսթ-Աբգարեանի հետ, Կոլց հայկական Շարակնոցը գերմաներէնի թարգմանած է։ Հայաստանի կառավարութենէն պարգեւատրուած է իր հայագիտական եւ հայ մշակոյթին նուիրուած գործունէութեան համար։ 2007ին պատուոյ դոկտորայի արժանացած է Երեւանի պետական համալսաարանին կողմէ։

Ռուսական պատմութեան նուիրուած այլ ցուցահանդէսներու կարգին, Կոլց խնամակալն ու ցուցակի հեղինակը եղած է «Կիլիկիոյ հայերու փրկուած գանձերը» ցուցահանդէսին, որ ներկայացուած է Հալէի (2000) եւ Աթէնքի (2002) մէջ, եւ որուն նիւթերը այժմ մաս կը կազմեն Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին։ Ստացած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ս. Մեսրոպ շքանշանը եւ Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ մետալը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ։

Հերման Կոլց իր մահկանացուն կնքած է Հալէի մէջ, 9 Դեկտեմբեր, 2010ին։ Նոյեմբեր 2012ին, յուշատախտակ զետեղուած է իր երբեմնի տան առջեւ։