Լուրեր

ԱՆԿԱԽ ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԵՍՆԱՄԵԱԿԸ

10 Դեկտեմբեր, 1991ին, Խորհրդային Ատրպէյճանի երբեմնի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բնակչութեան աւելի քան 99 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան, ըստ խորհրդային օրէնքի տրամադրութիւններուն, հռչակելով Լեռնային Ղարաբաղի, այժմ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Անոնք իրենց օրինաւոր որոշումը զէնքով ու կեանքով պաշտպանեցին ու կը պաշտպանեն ընդդէմ թուրք բարբարոսական յարձակումներուն։

Այդ պատմական հանրաքուէի 30ամեակն է այսօր։ Ամբողջ հայ աշխարհը դեռ կը կրէ հետեւանքները 44օրեայ պատերազմին, ուր երիտասարդներու գրեթէ ամբողջ սերունդ մը կորսուեցաւ՝ մեր հայրենական հողերու գրաւումով հանդերձ։ Այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր է անսասան պահել մեր վճռակամութիւնը։ Շատ աւելի հզօր ուժեր ներգրաւուած են այս հակամարտութեան մէջ, սակայն, պէտք է ամուր պահենք  մեր սկզբունքները, ինչպէս եւ մեր զէնքերը։

Արցախն ու Սիւնիքը գոյութենական արժէք ունին մեր հայրենիքին համար։ Ի հարկէ, թրքական ցեղերու (1918ին «ատրպէյճանցի» կոչուածներուն նախնիները) մշտական թալանն ու յափշտակութիւնները պատճառ էին, որ 18րդ դարուն Իսրայէլ Օրի Ռուսաստանին դիմէր հայոց զօրավիգ կանգնելու գոյատեւման ու ազատութեան պայքարին մէջ։ Այդ ժամանակ, Եկեղեցին բանալի դեր մը խաղացած է՝ Գանձասարի կաթողիկոսներ Եսայի Հասան-Ջալալեանցի եւ Ներսէս Ջրաբերդցիի վճռական առաջնորդութեամբ։

Մինչեւ օրս, աշխարհի մեր մասի աշխարհաքաղաքական դրուածքը շատ փոխուած չէ։ Ռուսաստանը՝ պատմական իր տարբեր անուններով (ցարական կայսրութիւն, Խորհրդային Միութիւն թէ այժմու Ռուսական Դաշնակցութիւն), տակաւին Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է։ Ատիկա պիտի չփոխուի։ Սակայն, վերջին պատերազմին անոր սահմանափակումներուն վերահասու դարձանք՝ ցաւագին արդիւնքով։

Շարք մը ազդակներ կը նպաստեն աշխարհի կարգի յետպատերազմեան փոփոխութեան։ Հայաստան չի կրնար խուսափիլ այն հովերէն, որոնք կը փչեն այդ փոփոխութիւններուն հետեւանքով։ Այս տագնապները նաեւ նոր պատեհութիւններ կը ստեղծեն. երկրորդական նոր խաղացողներ (Հնդկաստան, Չինաստան, թերեւս Եւրոպական Միութիւնը) կան, որոնք կրնան Հայաստանի յարաբերական դիրքին օգուտ բերել։

Բայց ոչինչ պիտի փոխէ հակամարտութեան առանցքը։ Ո՛չ մէկ արտաքին ուժ իր մարդիկը պիտի ղրկէ մեռնելու Հայաստանի կամ Արցախի համար։ Արցախը Հայաստանն է իսկ Հայաստանը՝ Արցախ. միեւնոյն հայրենիքի երկու կէսերն են, եւ դժուար թէ մէկը կարողանայ վերապրիլ առանց միւսին։ Ասիկա նշանաբան մը չէ միայն։ Մեր հայրենիքի այս լեռնաշխարհը միշտ իր ուժերէն վեր պայքարած է. երեք դար առաջ՝ ռուսերը Կովկաս բերած է, իսկ անոր ազատագրական շարժումը նպաստած՝ Խորհրդային Միութեան փլուզման 1990ական թուականներուն։

Մինչ աշխարհը կը նաւարկէ փոթորկոտ ջուրերու մէջ, հայերս պէտք է ամուր ձեռք մը ունենանք ղեկին վրայ։ Նուազ գրական ոճով, ասիկա կը նշանակէ յստակատեսութիւն եւ հեռատես ղեկավարութիւն ունենալ մեր հայրենիքին, մեր կառավարութեան, մեր եկեղեցիներուն, մեր համայնքներուն մէջ։ Ո՛չ ոք պիտի պաշտպանէ մեզ կամ մեր հայրենիքը։ Ինչպէս մեր պատմութեան այլ ճգնաժամային պահերու, մեր յենարանը մե՛նք ենք։ Առաջին պայմանը մեր հաւատքն է մեր ուժերուն մէջ։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» (Մկ 5.36)։