(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 12 Դեկտեմբեր)
Այսօր՝ Յիսնակի երրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Ղկ 14.12-24։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս՝ առիթով մը ճաշկերոյթի հրաւիրուած ըլլալով, կը խօսի հիւրեր հրաւիրելու քրիստոնէական հասկացողութեան մասին։ Ներկաներէն մին, հմայուած, կը բացագանչէ. «Երանի անոր, որ ճաշ պիտի ուտէ երկնքի արքայութեան մէջ»։ Յիսուս, շարունակելով իր խօսքը, կը պատմէ հետեւեալ առակը․ մեծահարուստ մը ճաշկերոյթ մը կուտայ։ Հրաւիրեալներէն առաջինը կը մերժէ, առարկելով որ նոր կալուած մը գնած է, երկրորդը, թէ՝ հինգ լուծ եզ գնած է, պէտք է զանոնք փորձէ, երրորդը, թէ՝ նոր ամուսնացած է։ Տանտէրը, սրտնեղած, նոր որոշում կ՛առնէ, հրամայելով ծառաներուն որ ճաշի մասնակից դարձնեն լրիւ նոր անձեր։
Այս հատուածը մեր Տիրոջ ուսուցումներու պաստառին վրայ նոր երանգ մը կ՛աւելցնէ, ուր մարդկային ցանկութեան ընթացք կը տրուի, ճշդելով անոր ուղիղ ընթացքը։ Այս մասին, երեք մտածումներ կ՛ուզեմ արտայայտել.
ա․ Աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր, մեր մարմնի հոգատարութիւնը ստանձնած է մեր երկնաւոր Հայրը, երբ մեր նախածնողաց Ան յայտնեց, թէ՝ «ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող տունկ ու ծառ, որուն մէջսերմ տուող ծառի պտուղ կայ; Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան» (Ծն 1.29)։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Տէրունական աղօթքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը առօրեայ հացին։ Ակնյայտ է, որ մեր մարմինը պէտք է սնանի ամէն օր, որպէս մեր հոգիներուն բնակարանը եւ Սուրբ Հոգւոյն տաճարը (Ա Կոր 6.19-20), որպէսզի իր գոյութիւնը պահպանէ եւ իրեն վստահուած ծառայութիւնն ու նպատակը իրագործէ Արարչին փառքին համար։ Որպէս ընկերային արարածներ, ճաշկերոյթներու մասնակցելով կը սնուցանենք ո՛չ միայն մեր մարմինը, բայց նաեւ միտքն ու հոգին, օգտուելով հաւաքական փորձառութիւններէ․ մտահոգութիւններէ եւ տեսլականներէ։ յ
բ․ Կասկած չկայ, որ վերեւ յիշուած երեք հրաւիրեալներու առարկութիւնները արդարացի են։ Սակայն, մերժել նման բացառիկ հրաւէր մը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ կողմէ յաւերժական կեանքի բարիքներուն մասնակից ըլլալու խորհուրդը, իսկութեան մէջ ցոյց կու տայ առաջնահերթութեանց գիտակցութեան պակասը։ Մեր նախածնողները ձախողեցան գնահատելու այն անզուգական փառքը, որ Արարիչն Աստուած իրենց շնորհած էր, եւ փոխարէն ընտրեցին խաբեբայ Չարին սուտ խոստումը։ Եսաւ իր անդրանկութիւնը ծախեց ապուրի փոխարէն (Ծն 25.29-30)։ Դաւիթ թագաւորն ու մարգարէն թախանձագին խնդրեց Սուրբ Հոգիի շնորհքէն չզրկուիլ, իր գործած պոռնկութեան ու սպանութեան համար (Սղ 51.11)։ Անանիա եւ Սափիրան սուտ խօսեցան փոխանակ ճշմարտութիւնը յայտնելու (Գործք 5.1-11)։
Մեր ուսման, գործերու եւ առհասարակ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն յաջողութեան բանալին է՝ ճշդել մեր առաջնահերթութիւնները։ Ինչ որ կը պահանջէ լուրջ յանձնառութիւն եւ զոհողութիւն, բայց երբ նկատի ունենանք մեր կեանքի ամբողջութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մեր յառաջդիմութեան համար խիստ անհրաժեշտ է այս մօտեցումը։ Արդարեւ, որպէս բանաւոր էակներ, երբ բաղդատենք երկրաւոր ու ժամանակաւոր մեր վայելած բոլոր բարիքները յաւերժականին հետ, զորս մեր երկնաւոր Հայրը խոստացաւ, իրա՛ւ որ փոշիի նման է համեմատած ամբողջ տիեզերքին։ Սխալ չհասկնանք, Աստուած չ՛անտեսեր սեփականատիրութիւնը, աշխատիլը, ամուսնանալը, զորս ամէնքն ալ Ի՛նք տնօրինեց, սակայն կ՛ակնկալէ, որ չ՛անտեսենք իր պատուիրանները, այլ հեռատես ըլանք ե՛ւ մեր օգտին ե՛ւ Արարչութեան փառքին համար։
գ․ Աստուած որքան որ գթառատ է, միաժամանակ բնութեամբ արդար է։ Մեզի շնորհած իր բարիքները անբաւ են։ Ան կը հասկնայ արարածի մեր պէտքերը եւ կը հանդուրժէ մեր տկարութեանց։ Միաժամանակ, կ՛ակնկալէ որպէս Իր պատկերը կրողներ, որ ցնծութեամբ դիմաւորենք Իր խոստումները։ Վա՜յ մեզի, բի՛ւր վայ, եթէ մեր ազատ կամքով հրամայական առաջնահերթութիւնները անտեսենք եւ ընկղմինք ունայնութեանց մէջ։ Հետեւանքը պիտի ըլլայ մեր իսկ ձեռքով մեր վրայ հրաւիրել դատապարտութեան վճիռը։ Ուշ պիտի ըլլայ զղջալը՝ կամովին կամ ակամայ մերժելէ ետք մեզի եղած հրաւէրը, երբ երկնաւոր Տանուտէրը իր անդառնալի որոշումը տայ։
Ուստի, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարզ սակայն ազդու առակներէն եւ ուսուցումներէն զգաստանալով, վերադասաւորենք մեր առաջնահերթութիւնները, մանաւանդ ընտրենք մեր կեանքի Գերագոյն Առաջնահերթութիւնը, հետեւելով Ձայնին, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ Ճանապարհը, Կեանքը եւ Ճշմարտութիւնը» (Յհ 14.6)։ Ամէն ջանք ընենք արժանի ըլլալու Իր երկնային կոչունքին, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը; Ամէն։