ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին եւ քարոզեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիու Ճըրզի)։ Սրբազան Հայրը, միախառնելով Սուրբ Յակոբի տօնը օրուան Աւետարանի ընթերցումին, քաջալերեց հաւատացեալները որ կեանքի մէջ լեռնացած անկարելիութեանց յաղթահարեն աստուածապարգեւ հաւատքով զինուած (քարոզը լրիւ կարդալ ստորեւ)։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու հանդէս-ճաշկերոյթ, աւելի քան հարիւր ծնողներու ներկայութեամբ։ Աշակերտները թատերական փոքրիկ ելոյթէ, արտասանութիւններէ ու երգերէ ետք դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ շալակին ծանր տոպրակով իր կարելին ըրած էր Մասիս սարէն հասնելով աշակերտները ողջունելու եւ անոնց պարգեւներ բաշխելու, որոնք տրամադրուած էին ի յիշատակ դպրոցին նախկին տնօրէնուհի՝ տիկ. Քնար Աբգարեանին, իր ազնուասիրտ դստեր՝ Թալին Աբգարեան-Քոչայեանի կողմէ։
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ.ի ու հոգաբարձութեան, խնամակալութեան եւ ՀՕՄի տեղւոյ մասնաճիւղերու գործակցութեամբ առաջնորդուող դպրոցի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնն ու ծնողները։ Յատկապէս մատնանշեց, որ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին պատրաստուած այս հանդէսը ներկայ պայմաններու դժխեմ մթնոլորտին մէջ բոլորին կեանքին մէջ ուրախութեան եւ դրական ոգիի կայծ մը յառաջացուց, եւ գովելի նկատեց աշակերտութեան 500 տոլարի դրամահաւաքը Լիբանանի դպրոցներու ի նպաստ։