Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՍԱՆԴՈՒԽՈՎ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆՔ

Այսօր՝ Յինանց չորրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Ղուկ․ 17.1-10։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կարեւոր ուսուցումներով մեզ իրազեկ կը դարձնէ, որ իրապաշտութեամբ դիմագրաւենք կեանքի այլազան պարագաներ: Այս առթիւ հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ։

ա․ Յիսուս կանխաւ կը յայտնէ, թէ գայթակղութիւնները անխուսափելի են կեանքին մէջ, ո՛չ որովհետեւ Արարիչին հաշուարկումը ստեղծագործութեան մէջ սխալ դուրս եկած է եւ կամ Ան անզօր է, այլ որովհետեւ Աստուծոյ անսահման սէրը բանականութեամբ եւ ազատ կամքով օժտելով հրեշտակներն ու մարդիկ, անոնց շնորհած է ընտրութիւն ընելու անզուգական պատեհութիւնը։ Ակնկալելի էր, որ երախտագիտութեամբ անոնք ընտրէին եւ գործադրէին Աստուծոյ կամքը։ Դժբախտաբար, ըմբոստանալով Անոր դէմ, ուրացան Անոր նախախնամութիւնը, ծնունդ տալով մեծ ու փոքր գայթակղութեանց։ Քրիստոս կը վստահեցնէ, որ այդ չարիքներուն հեղինակները անխտիր պիտի կրեն հետեւանքը իրենց արարքներուն։

Գլխաւոր հարցադրումը, որ մնայուն կերպով կը չարչրկէ մեր միտքը, կը ծագի այն իրողութենէն, որ ականատես կ՛ըլլանք չարագործներու շարունակական յաջողութեանց ու բարգաւաճ կեանքին, եւ անոնք զերծ կը մնան արդարութեան պատիժէն։ Իրա՛ւ է, որ կեանքը վերածուած է անարդարութեան եւ խժդժութեանց կրկէսի, որով մարդիկ չարաչար կը գործածեն Աստուծոյ պարգեւած շնորհքը։ Ան անհունօրէն կը համբերէ, առիթ տալով  որ այնպիսիները անդրադառնան իրենց գործած մեղքերուն, գնահատեն Իր ներողամտութիւնը, զղջան ու ապաշխարեն, որպէսզի մասնակից դառնան Աստուծոյ յաւերժական կեանքին եւ փառքին։ Ներումի ժամանակը երբ աւարտի, անողոք դատաստանը պիտի սկսի։

բ․ Ներել մեր եղբայրներուն՝ նմաններուն, երբ անոնք յետ մեղանչման ներում խնդրեն, պատահի որ նոյն օրուան մէջ եօթն անգամ ալ կրկնուի նոյն պարագան, իրաւ որ լուրջ մարտահրաւէր է, սակայն ո՛չ անկարելի, եթէ նկատի ունենանք որ այդ վերաբերումը մենք կ՛ունենանք սիրով եւ ամենայն համբերութեամբ մեր զաւակներուն հանդէպ։ Արդ, եթէ նոյն ազնուութիւնն ու հասկացողութիւնը հարազատներէն անդին՝ օտարներու հանդէպ ցուցադրենք, կը ցոլացնենք մեր երկնաւոր Հօր Սէրը, եւ կը դառնանք Անոր հարազատ զաւակները։

Դարձեալ, մեր մտքերը չարչրկող հարց մը կը ծագի, այն թէ երբ մեզ ցաւցնող անձինք բացարձակապէս ներողութիւն չեն խնդրեր, ընդհակառակը, ամօթաբար կ՛ուրանան իրենց վատ արարքները, ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ այնպիսիներուն հետ։ Քրիստոս կը հայթայթէ պատասխանը, ըսելով. «Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք․․․ [այլապէս] բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը»: Կասկած չկայ, որ այն անձը որ ներում չի խնդրեր ու չի զղջար՝ եղբայր կամ օտար, դատապարտութեան ենթակայ է (Մտ 18. 15-17)։

գ․  Առաքեալներուն համեստ խնդրանքը՝ «Տէ՛ր, աւելցուր մեր հաւատքը», շատ յատկանշական է։ Անոնք կը խոստովանէին որ հաւատքը, ինչպէս գիտութիւնը, յարատեւօրէն աճող նուէրն է Ամենակալ Աստուծոյ, որպէսզի միշտ հաղորդակցութեան մէջ ըլլանք Անոր հետ, որ Իր բարիքները առատապէս կը հեղու մեր վրայ։

Այս խնդրանքին դիմաց, Քրիստոսի պատասխանը ալ աւելի ապշեցուցիչ է, երբ Ան կ՛ըսէ․ «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին. “Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ”, պիտի հնազանդի ձեզի»: Անհաւատալի թուացող այս հաստատումը միշտ ալ հարցականի տակ առնուած է. առարկայականօրէ՞ն պէտք է ընդունինք զայն, թէ՞ ուսուցողական նպատակով գործածուած պարզ պատկեր մըն է։ Ստեղծագործութենէն ի վեր տեղի ունեցած բոլոր հրաշքներուն եթէ հետեւինք, պիտի տեսնենք որ առաջինը կասկածէ վեր է։ Մեր բոլոր տարակոյսներուն արմատը Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր վերաբերումէն յառաջ կու գայ։ Եթէ ամբողջ սրտով հաւատանք, թէ «Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով․ Ան Իր նմանութեամբ ստեղծեց զայն» (Ծն 1.26-27), կասկածը կր չքանայ, հետեւաբար կարելիութիւնը արեւու լոյսի նման մեզ կը կենսաւորէ, ինչպէս Յիսուս Ի՛նք եւս հաստատեց, թէ «Աստուծմով ամէն ինչ կարելի է» (Մտ 19.26; Մկ 10.27)։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնը պարզ, միանգամայն բարդ իրականութիւն է։ Պարզ է անոնց համար որոնք կը հաւատան․ բարդ՝ անոնց համար որ չեն կրնար եւ կամ չեն ուզեր հաւատալ։

Պօղոս Առաքեալ պարծանքով կը յատարարէ. «Ամէն ինչ կրնամ ընել Քրիստոսով, որ ինծի զօրութիւն կուտայ» (Փիլ 4.13)։ Չարը մշտապէս կը համոզէ որ, անկախ Աստուծմէ, մենք մեզմով կրնանք աստուածներ ըլլալ, ինչպէս յաջողեցաւ մեր նախածնողաց, Բաբելոնի աշտարակը շինողներուն եւ այլոց պարագային։ Այսօր այդ փորձութիւնը շատ աւելի ներկայութիւն է, երբ գիտութեան ու արհեստագիտութեան զգլխիչ յառաջացումնեը կը շլացնեն մեզ փառաբանելու մեր ԵՍն ու յաջողութիւնները, փոխանակ Պօղոս Առաքեալի նման ամենայն երախտագիտութեամբ ընդունելու, որ Աստուծոյ շնորհքով եւ իր պարգեւած բանականութեամբ է որ այս բոլորը կը կատարենք հասնելով մինչեւ Լուսին, Հրատ․․․ եւ աւելին՝ այլ համաստեղութիւններ։

դ․ Յիսուս, նկարագրելէ ետք ծառաներու պարտաւորութիւնը իրենց տէրերուն հանդէպ, իր խօսքը կ՛եզրակացնէ, թէ անոնք պէտք է ըսեն «անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ ըրինք մեր պարտականութիւնն է»։

Սէրը եթէ ձգողական օրէնքը կը կազմէ քրիստոնէական մեր կեանքին, անոր երկու բեւեռները Հաւատքն ու Խոնարհութիւնն են, որոնք ամենայն ներդաշնակութեամբ կ՛ուղղեն մեր կեանքի ընթացքը։ Ներհայեցողութեամբ որքան մենք մեզ քննենք եւ ըստ այնմ խոնարհեցնենք զմեզ, աստուածանման մեր իսկութիւնը առաւել եւս կը պայծառակերպուի եւ կը վայելենք Աստուծոյ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ, յաղթահարելով ամէն տեսակի լեռնացած անկարելիութիւններ, ինչպէս Մեծ Սուրբը՝ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը, որուն տօնը կատարեցինք երէկ։ Միթէ պարագան նոյնը չէ՞ գիտութեան մէջ, որքան աւելի մանրակրկիտ կերպով զննենք մեր մարմնի հիւլէներու մանրադիտակային ներքին փոխ յարաբերութիւնը, այնքան աւելի կ՛ըմբռնենք տիեզերքի հոյակերտ կարգ ու սարքը։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այս մօտեցումը՝ արժեւորելու մեր ծառայութիւնը, անցեալի պատկանող սոսկ տեսութիւն մը չէ, այլ մշտաշարժ ներուժ է, որ ինչպէս անցեալին, կը գործէ նաեւ այսօր։ Տարիներ առաջ, մեր Թեմի բարեխնամ առաջնորդներէն մին սրտի լուրջ գործողութիւն ունեցաւ։ Երկար վիրաբուժումէ ետք, բժիշկը երբ դուրս եկաւ սենեակէն եւ յայտնեց որ ամէն ինչ յաջող անցած է, շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն եւ ուրախութենէս համարեայ պատրաստ էի զինք գրկելու, երբ ապշեցուցիչ խօսքով մը զիս ելեկտրականացուց, ըսելով. «Ինծի շնորհակլութիւն մի՛ յայտներ, այլ Անոր» մատով ցոյց տալով փոքրիկ խաչ մը որ սպիտակ զգեստին վրայ կը կրէր․․․

Այս բացառիկ պարգեւ ուսուցումով առաջնորդուած, յառաջիկայ մեր շաբաթը ապրինք եւ բարձրանանք Յինանց սանդուխի հինգերորդ աստիճանին, որ մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Անոր՝ որ երկինքէն խոնարհեցաւ մեզ երկինք բարձրացնելու, փառաւորելով Ամենսուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։