ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ»
Երկուշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, որ կարճ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած էր, աւելի քան երկու ժամուան հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիթ, Յոյն Ուղղափառ, Հայ, Սիւննի, Շիա եւ Տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Իր բացման խօսքին մէջ, Կութիեռես յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով ու պէտք է աւելին կատարէ Լիբանանին համար, եւ թէ ինք եկած է լսելու համայնքային ու քաղաքական ղեկավարներու տեսակէտները եւ զանոնք ներկայացնելու ՄԱԿի յատուկ մարմիններուն:
Դռնփակ հանդիպումի ընթացքին, համայնքապետերը յաջորդաբար խօսք առին եւ պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու սպասումները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Նիւ Եորքի ու Պէյրութի օդակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղարին խօսքէն մէջբերում մը կատարելով, ըսաւ, թէ անոր պատգամը Լիբանանի հանդէպ զօրակցութիւնն էր. «Մեր պատգամն է ձեզի՝ օգնեցէք Լիբանանին, որովհետեւ ծանր հիւանդ է Լիբանանը»: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառը ըսաւ, թէ լիբանանցիները եւ Լիբանանի բարեկամները կ՚անդրադառնան Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներու հետեւանքներուն միայն, զգուշանալով անոնց տուն տուող հիմնական պատճառները քննելէ: Ներկայ կացութիւնը պատահական եւ անակնկալ չէ, այլ՝ տարիներու վրայ տարածուած բազմազան ու այլազան պատճառներու հետեւանք: Լիբանանեան տագնապը փաստօրէն կարելի չէ լուծել առանց անդրադառնալու այդ հիմնական պատճառներուն, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, եւ ապա չորս կէտերու մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անոնց.
ա) Լիբանանի համայնքային դրութիւնը երկրի հարստութիւնն է ու խոցելի կէտը, որ որ առիթ կու տայ ուրիշներուն միջամտելու Լիբանանի ներքին հարցերուն: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է համայնքային դրութիւնը պահելով հանդերձ զայն դարձնել ապակեդրոն, թափանցիկ եւ համարատու:
բ) Քաղաքական պատասխանատուներու յաճախ անպատասխանատու ու շահադիտական մօտեցումները պատճառ դարձած են անարդարութեան ու փտածութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է պետական պաշտօններ ստանձնած մարդոց համար համարատուութեան յստակ ուղեգիծ ճշդել, ներառեալ պատժական միջոցներ:
գ) Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն սպասելի է որ յարգեն Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, պահելով հանդերձ իրենց պատմական ու կրօնական յարաբերութիւնները:
դ) Լիբանանը պէտք է վերահաստատէ իր ինքնաճանաչումը իբրեւ պետութիւն՝ շեշտելով օրէնքի գերակայութիւնն ու պետութեան կեդրոնական հեղինակութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց որ յիշեալ եւ առնչակից խնդիրները անհրաժեշտ է որ քննարկուին Լիբանանցիներու կողմէ՝ լուրջ, պատասխանատու ու համապարփակ երկխօսութեան ճամբով:
Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ՄԱԿի դերակատարութեան, նշելով, թէ կազմակերպութիւնը երեք ուղղութեամբ կրնայ օգտակար դառնալ Լիբանանին, կարճաշունչ ու երկարաշունչ աշխատանքներով ու ծրագիրներու մշակումով.
Ա) Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿը անմիջական օգնութեան կոչ ուղղէ միջազգային համայնքին եւ կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար Լիբանանի մարդասիրական, ընկերային ծառայութեան, առողջապահական ու կրթական մարզերուն համար:
Բ) Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿը Լիբանանի կառավարութիւնը մղէ հիմնական բարեկարգութեան անմիջական ու շօշափելի քայլեր առնելու, յառաջիկայ ընտրութիւններու թուականը ճշդելու եւ այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքի ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ պետական կազմալուծուած կառոյցները վերակազմակերպելու եւ օգտակար դառնալու ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն:
Գ) Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿը յիշեցնէ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որ գործնապէս աջակից դառնան երկրին, որպէսզի կարենայ իր վէրքերը դարմանել, տնտեսութիւնը վերականգնել եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր քաղաքական դերը վերստանձնել:
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ այս բոլոր քայլերէն առաջ եւ անդին ՄԱԿ.ը պէտք է միջազգային համայնքը յիշեցնէ, թէ խաղաղ ու բարգաւաճ Լիբանան մը կարեւոր նպաստ մըն է մարդկային քաղաքակրթութեան, կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան ու գոյակցութեան. իսկ տագնապալից Լիբանան մը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ թէ՛ շրջանէն ներս եւ թէ նոյնիսկ անդին:
Աւելցնենք, որ պաշտօնական հանդիպումէն առաջ եւ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը առիթը ունեցաւ կարճ խօսակցութիւն մը ունենալու ընդհանուր քարտուղարին հետ Հայաստանի ու Արցախի մասին: