Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻ ԱՐԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏԱԿԼԸՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 26 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ անմահ պատարագին Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պատարագեց ու քարոզեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն․ Թրթռեան։  Տէր Հայրը արեւմտեան Ծնունդի տօնին ուրախութիւնը միախառնելով Հայ Եկեղեցւոյ Յիսնակաց շրջանի խորհուրդին, հրաւիրեց բարեպաշտ հաւատացեալները որ մնայուն կերպով շարունակեն հոգեւոր կեանքի իրենց պատրաստութիւնը, մոգերու ցնծութեամբ վայելելու իրենց հաւատքին եւ յոյսին իրականացումը ի Քրիստոս։

Սուրբ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Սուրբ Ստեփաննոսի տօնի յատուկ արարողութիւն մը։ Եկեղեցւոյ երեք սարկաւագները՝ Պետրոս Սրկ․ Գալաճեանը, Պերճ Սրկ․ Յակոբեանը եւ Ռազմիկ Սրկ. Նէնէճեանը, քահանայական սաղաւարտով զարդարուած, խնկարկեցին Սուրբ Սեղանին եւ ստացան Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ անսովոր կերպով նշուող այս տօները երբե՛ք չնուազեցնեն մեր հաւատքը, ընդհակառակը «մի՛ երկնչիր հօտ փոքրիկ»ի (Ղկ 12.32) պատգամով ամրացնենք մեր հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը եւ, յաղթահարելով ներկայ պայմաններուն, զիրար ողջունենք բնականոն պայմաններու մէջ։