ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔ՝ ՇԱՀԱՐԿԵԼ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 26 Դեկտեմբեր)
Այսօր՝ Յինանց հինգերորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Ղկ 19.12-28։ Յիսուս կը պատմէ ազնուականի մը առակը, որ հեռաւոր երկիր մը կը մեկնի թագաւորական իշխանութիւն առնելու համար։ Նախքան մեկնումը, իր տասը ծառաներուն հաւասար կերպով տասը ոսկի դրամ կու տայ, որպէսզի շահարկեն եւ վերադարձնեն իրեն։ Իր մեկնումէն ետք, իր հպատակները, որ կ՛ատէին զինք, պատգամաւորներ կը ղրկեն, ըսելով, թէ չեն ուզեր որ ան թագաւորէ իրենց վրայ։
Վերադարձին, իր մօտ կանչելով ծառաները, հաշիւ կը պահանջէ անոնցմէ։ Առաջինը, իւրաքանչիւր ոսկիին դիմաց տասը ոսկիի շահ ցոյց կու տայ։ Տէրը, առ ի վարձատրութիւն, տասը քաղաքի կառավարիչ կը նշանակէ զինք։ Երկրորդը իւրաքանչիւր ոսկիի դիմաց հինգ ոսկիի շահ ցոյց կու տայ։ Տէրը զինք հինգ քաղաքի կառավարիչ կը նշանակէ։ Երրորդը, ներկայանալով տիրոջ, կ՛ըսէ․ «Տէ՛ր, ահաւասիկ տուած դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած: Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես: Կ’առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած»։ Տէրը, դատելով անոր խօսքերէն, կը մեղադրէ զինք, որ եթէ կը վախնար կորսնցնելէ, գէթ կրնար շահարկողներու յանձնելով նուազագոյն գումար մը ապահովել։ Ուստի, կը հրամայէ, որ ունեցածը առնելով՝ տան տասը ոսկի ունեցողին, եզրակացնելով որ «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ»։ Ապա կը հրամայէ, որ իր իշխանութիւնը մերժողները բերեն եւ սպաննեն։
Առակները, որքան ալ պատկերաւոր օրինակներ են, բայց միշտ զօրաւոր պատգամ կը պարունակեն։ Այս մէկը այն առակներէն է, ուր վարձատրութիւն եւ պատիժ զուգահեռ կը ներկայացուին, ի մասնաւորի խստագոյն վճիռ կը տրուի անոնց, որ կը մերժեն իրենց տիրոջ հեղինակութիւնը։ Հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ քաղուած այս ընթերցումէն։
ա․ Լաւագոյնս հասկնալու համար այս առակին խորքը, կարեւոր է ծանօթանալ իրերայաջորդ դէպքերու ժամանակագրութեան։ Առակը պատմելէ անմիջապէս ետք, Յիսուս կ՛ուղեւորուի դէպի Բեթփագէ եւ Բեթանիա, հուսկ ապա յաղթական մուտք գործելու Խաղաղութեան քաղաք՝ Երուսաղէմ։ Վստահ եմ, որ պատմական այս ուրուագծումէն ետք, կարդացողին կամ լսողին յստակ կը դառնայ, թէ որո՞նք ներկայացուած են տիրոջ ու ծառաներու կերպարներուն ետին։
բ․ Ազնուական մարդը, որ հեռաւոր երկիր գնաց թագաւորական իշխանութիւն առնելու համար, նոյնինքն մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն է, որ իր Խաչելութենէն ետք Դժոխք իջաւ եւ իր վերադարձէն՝ Յարութենէն ետք, նախքան համբառնալը յայտարարեց. «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ» (Մտ 28.18)։ Միթէ ասիկա կը նշանակէ, թէ Քրիստոս թագաւոր չէ՞ր։ Անշո՛ւշտ էր։ Երեք մոգերը եկան որպէս թագաւորի երկրպագելու Իր առջեւ (Մտ 2.2)։ Պիղատոս Իրեն հարցուց, եթէ թագաւո՞ր էր։ Յիսուս պատասխանեց, «Դո՛ւն կ՛ըսես» (Ղկ 23.3)։ Յիսուսի թագաւորութիւնը ո՛չ թէ աշխարհի ըմբռնումով ոյժի, այլ Խաչին վրայ յայտնուած Սիրոյ եւ Հնազանդութեան իշխանութիւն էր, որով մեղքով գերեալները ազատագրեց։ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի Հայրապետը կ՛ըսէ․ «Յիսուս Չարին զօրութիւնը քանդեց ո՛չ Իր աստուածային զօրութեամբ, այլ արդարութեամբ։ Ան մահու աստիճան հնազանդութեամբ, մեղքով գերեալներս ազատագրելով իր երկնքի թագաւորութեան ժառանգակից դարձուց մեզ» (Մեկնութիւն Սաղմոսներու)։
գ․ Տէրը հաւասար գումար բաժնեց բոլոր ծառաներուն։ Ասիկա լաւագոյն երաշխիքն է, որ հակառակ մեր մարմնական, մտաւոր, ընկերային, նիւթական եւ այլ տարբերութեանց, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Խաչին վրայ զոհաբերուած Իր սիրով, Կեանքի Նուէրը անխտիր հաւասար կերպով բաշխեց բոլոր դարերու համայն մարդկութեան։ Եթէ կորսնցնենք հիմնական այս հասկացողութիւնը, մենք մեզ անվերջանալի հարցադրումներու լաբիւրինթոսին մէջ կը գտնենք, որ ի վերջոյ դատապարտութեան կ՛առաջնորդէ մեզ։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատի կը մնայ այդ բացառիկ նուէրը արժեւորել իր կեանքին մէջ։
դ․ Ծառան, որ իւրաքանչիւր ոսկիին դիմաց տասը շահեցաւ, կը ներկայացնէ անոնք, որ հետեւելով Քրիստոսի պատուէրին, թէ «կրնա՞ք խմել տառապանքի այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ» (Մկ 10.38)), իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեցին Քրիստոսի, եւ ոչինչ կրցաւ բաժնել զիրենք Քրիստոսի սէրէն, նոյնիսկ մահը (Հռ 8.38)։
ե․ Ծառան, որ հինգ ոսկի շահեցաւ, կը ներկայացնէ անոնք, որ տառացի կերպով իրենց կեանքը չզոհեցին, սակայն որպէս Կենաց Բանին լսողներն ու գործադրողները (Ղկ 11.28), պտղաւորեցին իրենց վստահուածը, եւ համապատասխան կերպով վարձատրուեցան։
զ․ Երրորդ ծառան, որ վախէն մղուելով կորսնցուց իր տիրոջ վստահութիւնը եւ ունեցածը, կը ներկայացնէ անոնք, որ կը մոռնան Բարեգութ Արարիչին ձրի, անպայմանական Նուէրը։ Այդպիսիները, մղուելով իրենց դատողութենէն, իրենց արդիւնաւէտութիւնը կ՛ամլացնեն, եւ կը մոռնան, որ Տէրը նոյնիսկ աննշան նկատուած արարքները կը գերգնահատէ, ինչպէս ըսաւ. «Ան որ բաժակ մը պաղ ջուր հրամցնէ աշակերտներէս միոյն, իրա՛ւ կ՛ըսեմ, որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մտ 10.42)։
է․ Ճիշդ է, որ տասը ծառաներէն երեքի պարագաները միայն կը յիշուին, այնուամենայնիւ յստակ է, թէ ամէն ոք որ աստուածապարգեւ իրեն վստահուած կեանքը եւ առաւել՝ Խաչի վրայ շնորհուած Կեանքը դրական կերպով շահարկէ, համապատասխան կերպով պիտի գնահատուի, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ այնքան նուրբ եւ ճարտար կերպով կը գովերգէ, ըսելով. «Ուրիշ է արեւուն շքեղութիւնը, ուրիշ՝ լուսինին շքեղութիւնը, եւ դեռ ուրիշ՝ աստղերուն շքեղութիւնը: Եւ նոյնիսկ աստղերէն ոմանք աւելի շքեղ են քան միւսները» (Ա Կոր 15.41)։
ը․ Վերջապէս, այն քաղաքացիները, որոնք մերժեցին իրենց տիրոջ իշխանութիւնը, խաչահան ժողովուրդն է, որ մերժեց Կեանքի խոստումը եւ նախընտրեց մեղքով մեռեալ կեանքը շարունակել, որ յաւիտենական մահուան վճիռով պիտի եզրափակուի։
թ․ Առակին ամենէն դժուար ըմբռնելի մասը, յարաբերաբար միւսներուն, երրորդ ծառային հանդէպ արձակուած վճիռն է, թէ «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ»։ Այս հաստատումին ճշգրիտ պատասխանը ո՛չ մէկ կասկած, որ յստակ է Ամենագէտ Տիրոջ։ Աստուածուսոյց այս առակէն ինչ որ կրնանք մեր համեստ դատողութեամբ օգտուիլ, այն է, թէ անոնք որ Աստուծոյ հետ կը քալեն, աւելիով պիտի օրհնուին ու վարձատրուին, մինչ անոնք որ կը մերժեն, իրեցմէ պիտի առնուի այն ինչ որ վստահուած է, ինչպէս որ Եսաւէն առնուեցաւ անդրանկութեան իրաւունքը, Սաւուղէն՝ թագաւորական իշխանութիւնը, ընտրեալ ժողովուրդէն՝ Խոստումի մենաշնորհը, եւ փոխարէն պիտի տրուի անոնց «որոնք ընդունեցին եւ հաւատացին Իր անունին» (Յհ 1.12).
Տարուան վերջին եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առաջնորդող Յինանց նախավերջի Կիրակիի հոգեւոր այս ճոխ պատգամով լուսաւորուած, բոլորս միասին փառք տանք Ամենակալ Հայր Աստուծոյ, որմէ յառաջ կու գան բոլոր կատարեալ բարիքները (Յակ 1.17), գիտակցութեան բարձրագոյն մակարդակով օգտագործենք մեզի վստահուած իւրաքանչիւր բարիք, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։